Բազմաթիւ ու բազմազան լոյսերով ողողուած ներկայ աշխարհին մէջ դա՛րձեալ կը հնչէ ձայնը ճշմարիտ Լոյսին` «Ե՛ս եմ աշխարհի լոյսը»: (Յովհ. 8, 12)
Այսպէ՛ս բնորոշեց իր ինքնութիւնը Բեթղեհէմի ճամբով աշխարհին յայտնուած Աստուծոյ Որդին:
Այսպէ՛ս բնութագրեց իր երկրաւոր առաքելութիւնը Բեթղեհէմի մէջ մարդեղացած երկնային ու յաւիտենական Բանը:
Լոյսը Աստուծոյ յայտնութեան ամէնէն էական տարրերէն մէկն է: Տիեզերքը բաղկացնող կենսական գոյութիւններու շարքին Աստուած կը ստեղծէ նաեւ լոյսը (Ծննդ. 1, 3): Աստուած ո՛չ միայն ստեղծիչն է, այլ աղբիւրն է լոյսին` «Տէրը իմ լոյսս ու փրկութիւնս է. ես որմէ՞ պիտի վախնամ» (Սաղմ. 27, 1): Աստուծմէ ճառագայթող լոյսը կոչուած է դառնալու մարդու «կեանքին ճրագը», անոր «ճամբուն լոյսը» (Առակ. 4, 23) եւ «արդարներուն ճամբան» (Առակ. 4, 18): Լոյսին ներկայութիւնը Աստուծոյ ներկայութիւնն է. լոյսին բացակայութիւնը` մեղքին, չարին ու մահուան ներկայութիւնը: Ահա թէ ինչու մարգարէները Աստուծոյ լոյսին տարածիչ ըլլալու իր աստուածատուր առաքելութեան դաւաճանած եբրայեցի ժողովուրդին կու գան զգուշացնելու, թէ հեռու Աստուծմէ մարդ խաւարի ու մահուան տիրապետութեան ենթակայ է:
Կարդացեք նաև
Հին կտակարանը, Աստուծոյ յայտնութեան ծիրին մէջ, աստուածային կենարար լոյսին պարգեւն է տրուած մարդուն ու միաժամանակ լոյսէն հեռացած մարդուն սպասումը ճշմարիտ լոյսին: Նոր կտակարանը` աստուածային փրկարար լոյսին դարձած մարդուն պայքարն է լոյսը նուաճել փորձող խաւարին դէմ:
Ընդհանրապէս աւետարաններու ու յատկապէս Յովհաննու Աւետարանի գլխաւոր թեմաներէն մէկն է լոյսը: Ան կը բացայայտէ Աստուծոյ էութիւնն ու գործը եւ հոմանիշ է սիրոյ, բարութեան, նախախնամութեան, փրկութեան ու յաւիտենական կեանքի: Հետեւաբար, լոյս եւ խաւար չեն կրնար գոյակցիլ` նոյնիսկ առաջինին յաղթանակով: Լոյսը գոյաւորուած է Աստուծոյ կողմէ. խաւարը գոյութիւն չէ, այլ` լոյսին բացակայութիւնը, անոր մերժումը:
Այս ճշմարտութիւնը վերահաստատելու համար աշխարհ եկաւ Աստուծոյ Որդին: Ան իր կեանքով ու առաքելութեամբ, խաչով ու յարութեամբ խաւարով պատուած մարդկային կեանքը աստուածային լոյսով պայծառակերպեց ու կոչ ուղղեց մարդոց հետեւելու ճշմարիտ Լոյսին` իբրեւ «լոյսի որդիներ» (Յով. 12, 36): Երկնային լոյսին երկիր էջքով մարդկային կեանքը նոր ընթացք, նոր իմաստ եւ նպատակ ստացաւ:
Արդ, Քրիստոսի հետեւիլ կը նշանակէ Բեթղեհէմէն աշխարհին ծագած երկնային լոյսով թրծել մեր կեանքը, այդ լոյսով լուսաւորել մեր կեանքի ճամբան:
Քրիստոսի հետեւիլ կը նշանակէ լոյսի որդիներ ըլլալ ու միաժամանակ լո՛յսը դառնալ աշխարհին: Չմոռնանք Քրիստոսին խօսքը` «դո՛ւք էք աշխարհի լոյսը… ձեր լոյսը թող այնպէս շողայ մարդոց առջեւ» որ անոնք ձեր բարի գործերը տեսնեն եւ փառաւորեն ձեր Հայրը, որ երկնքի մէջ է» (Մատթ. 5, 16):
Լոյսը յաւիտենական ճշմարտութիւն է, որ եկաւ շրջելու մարդակեդրոն ու մարդանպատակ արժէքներու համակարգը:
Լոյսը աստուածային սիրոյ կրակն է, որ եկաւ հեռացնելու մարդու կեանքէն ատելութեան բոցը:
Լոյսը երկնային փրկութիւն է, որ իբրեւ աստուածային պարգեւ տրուեցաւ անառակացեալ մարդուն:
Լոյսը յաւիտենական կեանք է, որ նուաճեց մարդուն վրայ իր տիրապետութիւնը հաստատած մահը:
Լոյսը Աստուած ի՛նքն է, որ երկինքէն երկիր իջաւ իր ձեռագործը` մարդը վերադարձնելու իր աստուածաստեղծ էութեան ու աստուածատուր կոչումին:
Բեթղեհէմը ճշմարիտ լոյսին ծնունդն է. ան յաւիտենական լոյսին յաղթանակն է խաւարին դէմ:
Բեթղեհէմի ճամբով լոյսին մօտենալու պատի՛ւը տրուեցաւ մարդուն, որ հեռացած էր լոյսի աղբիւրէն` Աստուծմէ:
Բեթղեհէմի ճամբով լոյսը ըմբոշխնելու պարգե՛ւը տրուեցաւ մարդուն, որ մերժած էր լոյսը ու ընտրած խաւարը:
Բեթղեհէմի ճամբով լոյսը տարածելու առաքելութի՛ւնը տրուեցաւ մարդուն, որ ինքզինք նկատած էր ինքնաբաւ ու ինքնանպատակ:
Խաւար աշխարհին մէջ Բեթղեհէմը դարձաւ մարդը դէպի ճշմարիտ ու յաւիտենական լոյս առաջնորդող միակ ճամբան: Այս ճամբէն առաջին քալող ժողովուրդը եղաւ հայ ժողովուրդը: Լոյսի ճամբէն քալեցինք հաւատարմօրէն ու երկնային լոյսը մեր երկրաւոր կեանքին մէջ թարգմանեցինք հոգեմտաւոր ստեղծագործութեամբ եւ նոյնիսկ արեա՛ն վկայութեամբ: Պատմութեան պարտադրած բոլոր տեսակի խաւարներուն դէմ պայքարեցանք Բեթղեհէմի լոյսով: Բեթղեհէմի լոյսով կերտեցինք մեր ժողովուրդի յարութիւնը եւ հունաւորեցինք մեր անմահութեան ճամբան:
Այսօր որքանո՞վ մօտ ենք Բեթղեհէմի լոյսին ու հաւատարիմ` անոր հրամայականին: Այսօր որքանո՞վ ներկայ է Բեթղեհէմէն ճառագայթող լոյսը մեր մտածումներուն, մեր գործերուն եւ կեանքին մէջ…:
Հոգեմտաւոր ինքնահայեցողութեան ու ինքնաքննութեան հրաւէր մըն է երկնային լոյսին էջքը երկիր:
Առանց Բեթղեհէմէն ճառագայթող լոյսին խաւա՛ր է մեր կեանքը: Արդ, մնանք հեռո՜ւ աշխարհի պսպղուն բայց խաւարեցնող լոյսերէն ու դառնանք ճշմարի՛տ Լոյսին, յաւիտենակա՛ն Լոյսին` Քրիստոսին: Եկէ՛ք, սիրելի՛ հայորդիներ`
Քրիստոսի լոյսին փայլուն ճառագայթը դառնանք` խաւարային մտածելակերպերու, գործելակերպերու ու կենցաղակերպերու դիմաց:
Քրիստոսի լոյսին հաւատարիմ հետեւորդը դառնանք` կեղծ ու խաբուսիկ լոյսերու տակաւ բազմացող երկրպագուներուն դիմաց:
Քրիստոսի լոյսին ճշմարիտ ճանապարհը դառնանք` դէպի խաւար ու խաւարայինը առաջնորդող ճամբաներուն դիմաց:
Քրիստոսի լոյսին յանձնառու առաքեալը դառնանք` ճշմարիտ լոյսին այնքա՜ն ծարաւ աշխարհին դիմաց:
Ահա պատգամը Բեթղեհէմին:
*
* *
Բեթղեհէմի յաւերժափայլ լոյսով ողողուած Աստուածայայտնութեան առաւօտուն, հայրապետական օրհնութեամբ կ՛ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ մեծարգոյ տիար Սերժ Սարգսեանը` մաղթելով իրեն ժողովրդանուէր հարուստ գործունէութիւն: Եղբայրական ջերմ սիրով կ՛ողջունենք ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը` հայցելով Ամենաբարին Աստուծմէ, որ իրեն շնորհէ եկեղեցաշէն իրագործումներով լեցուն երկար գահակալութիւն:
Հայրական սիրով կ՛ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հոգեւոր խնամքին ենթակայ թեմերուն առաջնորդ սրբազանները, հոգեւորական դասը, ազգային իշխանութիւնները, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ գործող կառոյցները եւ մեր ժողովուրդին սիրելի զաւակները: Թող Աստուած միշտ պայծառ պահէ մեր սուրբ եկեղեցին եւ իր երկնային լոյսով շաղախէ կեանքի օրերը մեր ժողովուրդի զաւակներուն` ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի:
ԱՐԱՄ Ա. կԱԹՈՂԻկՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
6 յունուար, 2012
Անթիլիաս, Լիբանան