Լրահոս
Դա պե՞տք է մեզ. «Ազգ»
Օրվա լրահոսը

ՄԱՅՐՍ ԵՎ ՔԱՂԱՔԱՑԻՈՒԹԻՒՆԸ

Օգոստոս 17,2011 00:00

Արժանապատւութիւնը շատ աւելի բարձր է որեւէ  պետութեան քաղաքացիութենէ

Կ’երեւի այդ օրը ազգային ջերմաստիճանս բաւական բարձր էր, եւ անոր համար որոշեցի իմ ու ծնողքիս ազգային պատկանելիութեան տալ պաշտօնական կարգավիճակ: Այլ խօսքով՝ դիմել Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութեան: Ուժեղ փափագիս եւ համոզելու կարողութեանս առջեւ ծնողքս ուղղակի ընդունեց ու շուտով սկսանք պահանջուած փաստաթուղթերը պատրաստել: Պէտք է ըսեմ, որ հայրիկս 67 տարեկան երկրաչափ մըն է: Ան առիթ չէ ունեցած ժամանակին դպրոցի մէջ Հայերէն սորվելու եւ մինչեւ այսօր ան կը խօսի իր Ուրֆայի բարբառով: Իսկ 61 տարեկան մայրս, որ մասնագիտութեամբ defectologist է, ընդհանրապէս հայերէն չի գիտեր: Անոր պետական ծննդեան վկայագրին մէջ արձանագրուած է «Արման քատիմ», որ բառացիօրէն կը նշանակէ «հին Հայեր»: Իսկ որպէս բացատրութիւն, անոնք կը ներկայացնեն այն հայերը, որոնք դարերէ ի վեր Միջին Արեւելքի մէջ կ’ապրին եւ զանազան պատճառներու բերումով հեռացած են իրենց տոհմիկ մշակոյթէն: Շատ չ’երկարեմ: Ճշդուած օրին ներկայ գտնուեցանք հիւպատոսարան: Պաշտոնավարուհին հանդարտ սենեակի մը մէջ մեզ ընդունեց: Պատահաբար մայրս արաբերէնով հարցուց, թէ երբ պիտի աւարտենք թղթաբանական գործերը, որովհետեւ շուտով ուրիշ ժամադրութիւն մը ուներ: Այստեղ գործավարուհին միջամտեց լուրջ ձայնով մը.
– Տիկինը հայերէն խօսիլ չի՞ գիտէր:
Ժպտալով պատասխանեցի.- Ոչ:
Սակայն ան յանկարծ թուղթերը սեղանին վրայ թողելով պատասխանեց.
– Եթէ հայերէն գրել ու կարդալ չի գիտէր, ան ինչպէս պիտի պատասխանէ քննութեան հարցումներուն:
Տարօրինակօրէն ժպիտս սառած մնաց: Կացութիւնը փրկեց հօրս միջամտութիւնը.
– Աղջիկս, ես ալ հայերէն գրել ու կարդալ չեմ գիտէր: Ե՞ս ալ պիտի չկարենամ դիմել: Այստեղ ես միջամտեցի, ըսելով.
– Եթէ մօրս փաստաթուղթերուն մէջ նայիք, կը տեսնէք, թէ այդտեղ նշուած է «Արման քատիմ»: Կարծեմ գիտէ՝ք ինչ կը նշանակէ:
Սակայն նոյն ձեւով պատասխանեց.
– Չըլլար: Չի կրնար դիմել:
Լռութիւն մը տիրեց: Մտապաստառիս վրայ մանկութեան յուշերէս պատկերներ երեւցան: Յիշեցի, երբ մայրս զիս Այբուբենը կը սորվեցնէր առանց հասկնալու: Յիշեցի, երբ տառերը կողք կողքի դնելով բառը կը հնչէր: Յիշեցի երբ մէկ անգամ անոր սխալ հնչիւնին պատճառով ծիծաղեցայ, ան շատ ազդուեցաւ եւ որոշեց նախքան ինծի սորվեցնելը ինքը սորվիլ այդ բառը: Յիշեցի, երբ պնդեց, որ Հայկական դպրոց յաճախենք: Այս քաղցր յիշողութիւնները կտրեց չոր գործավարուհիին ձայնը.
– Պարոն, դուք կրնաք դիմէլ: Պիտի դիմէ՞ք:
Առանց պատասխանելու, նոյն տարօրինակ ժպիտը դէմքիս ուղղուեցայ մօրս մօտ, ձեռքը բռնեցի ու դուրս ելանք: Մտքիս մէջ մէկ նախադասութիւն կար միայն… Մօրս արժանապատւութիւնը շատ աւելի բարձր է որեւէ պետութեան քաղաքացիութենէ:

Նիւթը տպագրւել է նաեւ «Ակօս» շաբաթաթերթում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել