Լրահոս
Մի կտրեք եղեւնի…
Օրվա լրահոսը

Հայացք Սփյուռքից

Ապրիլ 12,2011 00:00

Արմատական ընդդիմութեան համար ոչ թէ իշխանութիւնն է թիրախը, այլ իրենցմէ դուրս ընդդիմութիւն չընդունելու քարոզչութեան տարածումը:

Հայ ազգային կոնգրեսի կազմակերպած ուրբաթ օրուան ցոյցին Հայաստանի առաջին նախագահին արտասանած խօսքը առաւելաբար կը վերաբերէր ընդդիմադիր դաշտին: Տարաբնոյթ հիմնաւորումներով Տէր-Պետրոսեան կ՛ուզէր ընդգծել, որ բացառուած է երրորդ բեւեռի կայացումը Հայաստանի քաղաքական դաշտին մէջ:
Ուրբաթ օրուան հանրահաւաքին արտասանուած խօսքին հետեւողը կրնայ եզրակացնել, որ արմատական ընդդիմութեան անունով քաղաքական հրապարակ իջած ուժին համար ոչ թէ իշխանութիւնն է թիրախը, այլ իրենցմէ դուրս ընդդիմութիւն չընդունելու քարոզչութեան տարածումը: «Ինչպէ՞ս կրնայ ՀԱԿ-ը մենաշնորհել ընդդիմադիր դաշտը» հարցումին կը պատասխանէ նոյնինքն հարցումը բարձրաձայնողը՝ բացատրելով, որ ՀԱԿ-ը ո՛չ վարչական լծակներու, ո՛չ նիւթական միջոցներու, ո՛չ զանգուածային լրատուամիջոցներու եւ այլ միջոցներու կը տիրապետէ. հետեւցնելու համար՝ եթէ իշխանութիւնները այս բոլորը ունին մենաշնորհելու համար իշխանութեան դաշտը, ապա ՀԱԿ-ը այդ բոլոր միջոցներէն զուրկ է:
Այս տրամաբանութիւնը կը շարունակուի հաստատելու համար, որ երրորդ բեւեռը կամ ՀԱԿ-էն դուրս այլ ընդդիմադիր շարժում ի վիճակի չէ կայանալու: Այս տեսութիւններու յառաջ քշման համար ներկայացուած հիմնաւորումները կը սատարեն խաղի ներկայ կանոնները պահելու եւ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն մրցապայքարը ներկայ ձեւաչափին մէջ պահելու:
Պահ մը սակայն, ընդունելով, որ ՀԱԿ-ի առաջադրանքները ներկայացուած կէտերն են (ՀԱԿ-ի կողմէ պահանջուած քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակում, մարտ 1-ի սպանութիւններու բացայայտումներ եւ Ազատութիւն հրապարակին վրայ հանրահաւաքներ կազմակերպելու արտօնութիւն), պէտք է նկատել, որ վարքագիծի, օգտագործուած բառամթերքի եւ նոյնիսկ պահանջներու հիմնական փոփոխութիւն արձանագրուած է: Այստեղ արդէն նախագահի անմիջական հրաժարականի մասին խօսք անգամ չկայ. արտահերթ ընտրութիւններու ժամկէտի յստակացում չկայ եւ տակաւին աւազակապետութիւն կամ նման որակումներով պետական համակարգ կազմաքանդելու անմիջական խնդիր չի դրուիր:
Ընդհակառակն՝ երկխօսութեան մասին քանի մը առիթով շեշտումներ կամ իշխանութիւններուն հետ վերջնագիրով չխօսելու յայտարարութիւններ, նոյնիսկ օգտագործուած ըսելաձեւեր կը յիշեցնեն կառուցողական ընդդիմութեան որդեգրած վարքագիծը: Մօտեցումի հիմնական տաբերութիւնը այն է, որ այս պարագային այս վարքագիծը մենաշնորհելու որեւէ մօտեցում ցոյց չի տրուիր զայն առաջադրողներուն կողմէ: Ընդհակառակն՝ կառուցողական շեշտադրումները տարածելու, ընդունելի դարձնելու պահանջն է, որ մնայուն պահանջուած է երրորդ բեւեռին ձգտող ուժին կողմէ:
Խառն պատգամներ կան Տէր-Պետրոսեանի ճառին մէջ: Կամուրջները պահել իշխանութիւններուն հետ մինչեւ 28 ապրիլ: Մինչ այդ իշխանութիւնները պէտք է ազատ արձակեն քաղաքական բանտարկեալները, արտօնեն հանրահաւաք կազմակերպել Ազատութիւն հրապարակին վրայ եւ հաւաստիացնեն, որ 1 մարտի սպանութիւնները պիտի բացայայտուին: Ապրիլ 28-ը պէտք է դառնայ կա՛մ երկխօսութեան սկզբնաւորման, կա՛մ ալ՝ իշխանութեան ու հասարակութեան վերջնական ջրբաժանի օր:
ՀԱԿ-ի խօսնակ Լեւոն Զուրապեանն էր, որ կը յստակացնէր վերջնական ջրբաժանը՝ յայտարարելով, որ նախապատրաստական աշխատանքներ պիտի ծաւալին ամբողջ հանրապետութեան տարածքին՝ քաղաքացիական անհնազանդութեան շարժում սկսելու համար:
Մէկ կողմէ վարքագիծի փոփոխութեան նշաններ ցոյց տալով, միւս կողմէ զանգուածը պահելու համար ետդարձներ կատարելով ՀԱԿ-ը դիրքեր կորսնցնելու եւ նուազներ արձանագրելու իրավիճակ կը պարզէ: Հաւանաբար այս անհանգստութենէն մղուած Դաւիթ Շահնազարեան կը խօսի ընդդիմադիր այլ ուժերու լուսանցքայնացման, իսկ առաջին նախագահն ալ՝ երրորդ բեւեռի կայացումի բացառումին մասին:
Ջրբաժանի ճշդուած օրը յաւելեալ լոյս կը սփռէ հետագայ իրադարձութիւններուն վրայ: 28 ապրիլը շատ հեռու չէ:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել