Վերջին օրերուն հայաստանեան եւ սփիւռքեան, մանաւանդ թրքահայ մամուլը, լեցուն է Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքական Աթոռի վերջին զարգացումները լուսաբանող յօդուածներով եւ գրութիւններով: Հայաստանեան մամուլը հակուած է կատարուածին ամբողջ մեղքը բարդելու թրքական իշխանութիւններու վրայ: Բնաւ նպատակ չունիմ պաշտպանել այս հարցին մէջ թրքական պետութեան կեցուածքը: Գաղտնիք չէ երբեք, որ միշտ ալ թրքական պետութիւնը խառնուած է պատրիարքական ընտրութիւններուն, փորձած է Աթոռին վրայ տեսնել իրեն համար յարմար թեկնածուն: Այսպէս եղած է դժբախտաբար թէ՛ 1990-ին՝ Գարեգին Բ Գազանճեան պատրիարքի եւ թէ՛ 1998-ին՝ Մեսրոպ Բ Մութաֆեան պատրիարքի ընտրութեան շրջաններուն:
Եկեղեցական ներքին գործերուն եւ բարձրաստիճան հոգեւորականներու ընտրութիւններուն խառնուելու երեւոյթը յատուկ չէ միայն թրքական պետութեան: Արեւելեան երկիրներու մէջ այս երեւոյթը դժբախտաբար շատ տարածուն է: Տարբեր չէ նաեւ հայ իրականութիւնը: Բնաւ ալ գաղտնիք չէ, որ տասնամեակներ շարունակ Կիլիկիոյ Աթոռը կամ Անթիլիասի Կաթողիկոսութիւնը կը գտնուի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ուղղակի ազդեցութեան տակ եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսներն ալ կ’ընտրուին բացառապէս այն թեկնածուներէն, որոնք կը վայելեն այս կուսակցութեան հովանաւորութիւնը: Եւ ընտրութենէ ետք ալ կամովին կամ ստիպողութեամբ կը վարեն դաշնակցականամէտ քաղաքականութիւն:
Չմոռնանք, որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան վերջին երկու ընտրութիւններու ընթացքին ալ ՀՀ իշխանութիւնները փորձեցին խառնուիլ կաթողիկոսական ընտրութիւններուն: Թէ՛ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան եւ թէ՛ Ռոպերթ Քոչարեան, որոնց պաշտօնավարութեան շրջաններուն տեղի ունեցան կաթողիկոսական վերջին երկու ընտրութիւնները 1995-ին եւ 1999-ին, յստակօրէն արտայայտուեցան իրենց նախընտրած թեկնածուներուն ի նպաստ, եւ այդ եւ այլեւայլ ձեւերով աշխատեցան, որպէսզի Լուսաւորչի գահին բազմէ իրենց նախընտրած թեկնածուն:
Պարագան տարբեր չէ եղած նաեւ պատմութեան ընթացքին: Ես վստահ եմ, որ եթէ օր մը բացուին արխիւները, մենք պիտի տեսնենք, որ Վազգէն Ա պաշտելի Հայրապետի ընտրութեան շրջանին եւս իշխանութիւններու «մատը խառն է» ընտրութեան գործընթացներուն: Միակ բարեբախտութիւնը այն է, որ յաճախ, եթէ անգամ իշխանութիւնները միջամտած են ընտրական գործընթացներուն, ապա ընտրուած է արժանի անձ մը՝ բազմելու Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետական բարձրագոյն աթոռին եւ ընտրութենէ ետք ալ իր ողջ կեանքն ու գործունէութիւնը նուիրաբերած է Եկեղեցւոյ առաքելութեան յաջողութեան:
Այս ամէնին մէջ բնականաբար բոլորովին տարբեր է Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին վիճակը: Եթէ նուիրապետական միւս աթոռներու պարագային քաղաքական այլեւայլ ուժեր միջամտած են ընտրութիւններուն, ապա անոնք երբեք նպատակ չեն ունեցած տկարացնելու այդ աթոռները, պարզապէս փորձած են չարտօնել, որ ընտրուի իրենց համար անյարմար թեկնածու մը: Մինչդեռ թրքական իշխանութիւններու ետին նպատակը կը խորհիմ թէ հասկնալի է բոլորիս: Ցաւալին այն է, որ պոլսահայ կղերականներ ու աշխարհականներ յաճախ իրենք նպաստած են թրքական խաղերու յաջողութեան: Վերջին զարգացումները ասոր փայլուն վկայութիւնն են: Այսօր թէ՛ տեղական եւ թէ՛ միջազգային ատեաններու մէջ թրքական պետութեան ներկայացուցիչները կը յայտարարեն, որ հայ համայնքը չէ կրցած միասնական տեսակէտ մը որդեգրել: Պետութեան ներկայացուած են իրարամերժ երկու դիմումներ, եւ պետութիւնն ալ յարմար չէ տեսած ընդառաջել մէկուն կամ միւսին: Ըսել կ’ուզեն, որ եթէ հայ համայնքը միասնական կարծիք մը որդեգրէր եւ այդպէս պետութեան ներկայանար, ապա իրենք պիտի համաձայնէին եւ ուրիշ որոշում մը պիտի ընդունած ըլլային: Հոս թուրքերը ճարպիկօրէն կ’օգտուին Աւետարանի պիղատոսեան ձեռքերը լուալու մարտավարութենէ: Եթէ հայ կղերականն ու աշխարհականը ելակէտ ունենային Թրքահայ Համայնքին եւ Պատրիարքութեան շահերը, կը խորհիմ թէ կրնային խուսափիլ այս կացութենէ, եւ մենք հաւանաբար այսօր տարբեր եւ հայութեան համար աւելի ընդունելի լուծում մը կ’ունենայինք:
Իրատես ըլլանք եւ բացայայտօրէն արձանագրենք, որ Արամ Արք. Աթէշեան չարաշահեց իր ունեցած կամ ստացած իշխանութիւնը եւ ամէն ընդունելի, դժբախտաբար նաեւ անընդունելի ճիգ բանեցուց, որպէսզի պատրիարքութեան իշխանութիւնը մնայ իր ձեռքերու մէջ: Եւ այս ճամբուն վրայ ցաւալիօրէն մոռցաւ, որ համայնքին եւ Պատրիարքութեան շահերը վեր են իր անձնական շահերէ: Կը հասկնամ, որ գայթակղութիւնը շատ մեծ էր, բայց անշահախնդիր մարդու մեծութիւնը այսպիսի ճակատագրական պահերու պէտք է որ ի յայտ գայ: Բայց դժբախտաբար ի յայտ չեկաւ եւ Արամ Սրբազան գործիք դարձաւ թրքական իշխանութեան խաղերուն եւ Պատրիարքական Աթոռը յատնուեցաւ գրեթէ անելանելի կացութեան առջեւ: Մելաններ կը հոսին, բազում յօդուածներ եւ վերլուծականներ կը հրատարակուին, կը թուի թէ Արամ Սրբազան գոնէ հիմա պէտք է անդրադառնար, թէ սխալ եւ անընդունելի էր իր քայլը: Իբր հոգեւորական ան պէտք է լաւ հասկնայ, որ սխալիլը մարդկային է, սխալին մէջ մնալը՝ մեղք, սխալը ուղղելը՝ առաքինութիւն:
Այսօր հրամայական անհրաժեշտութիւն է, որ Արամ Սրբազան ի դիմաց ներկայ անելանելի կացութեան հրաժարի իր Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ հանգամանքէ եւ ճամբայ բանայ նոր ընտրութիւններու:
Նոյնչափ հրամայական է, որ պոլսահայ համայնքի կղերական եւ աշխարհական խաւերը դադրին անպտուղ վիճաբանութիւններէ եւ գտնեն միասնական լուծում մը: Այսօրուան պայմաններու մէջ կարելի չէ գտնել անթերի տարբերակ մը: Երկու տարբերակներն ալ (Աթոռակից Պատրիարք եւ նոր Պատրիարք) ունին իրենց ընդունելի, բայց նաեւ ոչ ընդունելի կողմերը: Բայց երկու տարբերակներն ալ աւելի նախընտրելի են, քան այսօրուան անընդունելի վիճակը: Որքան ես հետեւած եմ մեր բարձրաստիճան կղերականներու յայտարարութիւններուն, անոնք գրեթէ բոլորն ալ կ’ընդունին, որ Աթոռակից Պատրիարք տարբերակը ներկայ պայմաններու մէջ աւելի նախընտրելի է եւ խորթ չէ մեր եկեղեցական աւանդութիւններուն: Մի՞թէ կարելի չէ, մի՞թէ պոլսահայութեան գիտակից խաւը պիտի չկարենայ փոխընդունելի լուծում գտնել: Հրամայական անհրաժեշտութիւն է՝ ի խնդիր համայնքի, ի խնդիր պատրիարքութեան ապագայի, գտնել այդ լուծումը:
Ուրիշ խնդիր մը՝ մարդկային տեսանկիւնէ որչափ բարոյական է անընդհատ կրկնել, որ Մեսրոպ Պատրիարքի վախճանումէն ետք նոր Պատրիարք պիտի ընտրուի: Ասիկա բոլորս ալ գիտենք: Եւ եթէ Մեսրոպ Պատրիարք գիտակից չէ հասկնալու համար ասիկա, մի մոռցէք, որ ան տարաբախտ մայր մը ու հարազատներ ունի, որոնք նոյնպէս կը կարդան գրութիւնները: Կը հասկնա՞ք թէ անոնց համար որքան տառապալից է, ամէն օր անդրադառնալ, որ ամէն մարդ իրենց հարազատին մահուան մէջ կը տեսնէ լուծումը այս անհամ կացութեան: Մի՞թէ այս ձեւով մենք յարգած կ’ըլլանք Մեսրոպ Սրբազանի անունը ու հանգամանքը:
Հաւատացեալ քրիստոնեան կ’աղօթէ ամէնէն ծանր հիւանդներու առողջացման համար ու կը հաւատայ հրաշքի գոյութեան: Հետեւաբար աղօթենք եւ հաւատանք Մեսրոպ Սրբազանի ապաքինման, բայց եւ տնօրինենք պարտն ու պատշաճը, որպէսզի Պոլսոյ դարաւոր աթոռը անգլուխ չմնայ եւ ունենայ Աթոռակից կամ նոր Պատրիարք մը, որով միայն կը կարենայ վերագտնել իր անդորրութիւնը եւ շարունակել իր պատմական առաքելութիւնը: