Լրահոս
Օրվա լրահոսը

«ԹՐՔԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ՝ ԹՈՒՐՔԻԱՅԻ ՀԱՐՍՏՈՒԹՅՈՒՆՆ Է»

Նոյեմբեր 13,2010 00:00

Ասել է Ռեջեփ Թայիփ Էրդողանը՝ Ստամբուլի հայկական «Ժամանակ»  օրաթերթի գլխավոր խմբագիր Արա Գոչունյանի հետ զրույցի ժամանակ: Մեր ընթերցողին ենք ներկայացնում «Ժամանակի» բացառիկ հարցազրույցը Թուրքիայի վարչապետի հետ:

– Վերջին տարիներուն մեր երկրին մէջ ապրուեցաւ մշտական բարեփոխումներու մթնոլորտ մը ու մեր ժողովրդավարութիւնը հասաւ նոր հարթութեան մը: Վերջին հանրաքուէի արդիւնքը կը ստեղծէ այն ակնկալութիւնը, որ այս թափը աւելնալով պիտի շարունակուի: Յառաջիկայ շրջանին համար ինչպիսի՞ Թուրքիա մը կը նախատեսէք, եւ այս ամբողջին մէջ ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ փոքրամասնութիւններուն դիրքն ու կացութիւնը:
– Ինչպէս գիտէք, սեպտեմբեր 12-ին մեր ազգի գնահատանքով գործադրութեան անցաւ սահմանադրական փոփոխութիւնը, որ կը բաղկանայ 26 յօդուածէ: Իրականութեան մէջ այդ 26 յօդուածը չի դիմագրաւեր այն բոլոր փոփոխութիւնները, որոնք փափաքելի են սահմանադրութեան մէջ:
Սակայն այստեղ կայ կարեւոր կէտ մը: Մասնաւորապէս իրաւունքի գերակայութիւնը ամրապնդելու չափումով, սեպտեմբեր 12-ի փոփոխութիւնը շատ ամուր հիմք մը ստեղծեց յառաջիկային կատարուելիք փոփոխութիւններուն եւ բարեփոխումներուն համար: 1982 թուականի սահմանադրութեան մէջ առաջին անգամ այս աստիճան հիմնական փոփոխութիւն մը կատարուեցաւ եւ առաջին անգամ այս աստիճանով միջամտութիւն մը կատարուեցաւ ոգիին այն սահմանադրութեան, որ բխած էր միջամտութենէ մը: Մենք դուռը որոշ չափով բացինք, ճանապարհ հարթեցինք: Այս փուլէն վերջ, ժողովրդավարականացման բարեփոխումները այլեւս անցեալի հետ անբաղդատելի թափով մը կեանքի կոչուելու հնարաւորութիւնը ունին: Այս 26 յօդուածներու փոփոխութեամբ նետը աղեղէն դուրս եկաւ: Հիմա 2011-ի ընտրութիւններէն վերջ նոր սահմանադրութեան մը աշխատանքներուն ալ պիտի սկսինք: Վստահ եմ, թէ այլեւս աւելի առողջ ու ժողովրդավարական գետնի մը վրայ կարելի պիտի ըլլայ պատրաստել այնպիսի սահմանադրութիւն մը, որ պիտի գրկէ մեր 73 միլիոնը, ու պիտի արտայայտէ մեր ամբողջ ազգին փափաքները, պահանջներն ու իտէալները: Այս հանգրուանէն վերջ այլեւս խնդրոյ առարկայ չի կրնար ըլլալ Թուրքիոյ մէջ ձեռքբերումներէ ետքայլը, ժողովրդավարութենէն զիջումը, ժողովրդավարական իրաւունքներու յետաձգումը կամ Թուրքիոյ ժողովրդավարացման ուղղութենէն շեղիլը: Թուրքիա միշտ յառաջ պիտի երթայ, ամէն օր ա՜լ աւելի պիտի ամրապնդէ իր ժողովրդավարութիւնը: Հարկ կը նկատեմ ընդգծել, որ այս բոլոր բարեփոխումները, այս բոլոր ձեռքբերումները շրջանակի մը, զանգուածի մը անդորրութեան համար չեն, այլ ամբողջ 73 միլիոնին երջանկութեան համար: Մենք ամբողջ 73 միլիոնը կ\’ընկալենք որպէս առաջին կարգի քաղաքացի եւ ինչ որ կ\’ընենք, մեր բոլոր քաղաքացիներուն համար կ\’ընենք:
– Փոքրամասնութիւններու հաստատութեանց վերաբերեալ խնդիրները, մանաւանդ վագըֆներու եւ վարժարաններու ոլորտին մէջ, զանազան դրական եւ յուսադրիչ զարգացումներով հանդերձ, կը շարունակեն մնալ օրակարգի վրայ: Նկատի ունենալով, որ այս ուղղութեամբ կը շարունակուի մեր կառավարութեան քաղաքական կամքն ու վճռակամութինը, ինչե՞ր կարելի է ակնկալել յառաջիկայ շրջանին համար:
– Մասնաւորապէս կ\’ուզեմ հետեւեալը արտայայտել, որ ութ տարուն ընթացքին տարբեր հաւատքի խումբերու եւ էթնիք խումբերու խնդիրներուն վրայ ծանրացանք իսկական անկեղծութիւնով մը: Բացարձակապէս օրը փրկելու փափաքը չունեցանք: Բան մը ըրած ձեւացնելով, ժամանակաւոր լուծումներ արտադրելով գործելը բացարձակապէս տեղ չունի մեր քաղաքական հասկացողութեան մէջ: Նոյնպէս այս գործընթացին մէջ բացարձակապէս մերժեցինք պարտադրութիւնները: Բոլոր հաւատքի խումբերուն, բոլոր էթնիք խումբերուն հետ գտնուեցանք ամբողջական երկխօսութեան մը, խորհրդակցութեան մը մէջ: Մեր իւրաքանչիւր քայլին կապակցութեամբ տեսակէտները, առաջարկները, քննադատութիւնները նկատի առինք, ամէն հանգրուանին ներկայացուցիչներուն, հասարակական կազմակերպութիւններուն հետ համագործակցութեան մէջ եղանք: Բնականաբար կը գնահատէք, որ հարիւրամեակներու ընթացքին կուտակուած խնդիրներ կան եւ անկարելի է զանոնք յանկարծ, մէկ գիշերուն ընթացքին լուծել: Կարճ խօսքով, մեր առած իւրաքանչիւր քայլին դէմ մերժողական մտայնութիւնով հանդէս եկող ընդդիմութեան նպատակն է հարցերու լուծումը դանդաղեցնել: Մենք սակայն առանց չքմեղանքներու, պիտի շարունակենք յառաջանալ մեր որդեգրած ուղղութեամբ:
– Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը, Ձեր ենթադրութիւններով, ինչպիսի՞ մթնոլորտի մը մէջ կրնայ շարունակուիլ: Յոռետեսութեան յաղթահարման ուղղութեամբ լաւատես ակնկալութիւններ ունենալը այս հանգրուանին միթէ շա՞տ հեռու է իրատեսութենէ:
– Նայեցէք, Թուրքիա որեւէ պետութեան դէմ թշնամանքի մէջ չէ: Մենք ցայսօր պատմութեան մէջ ապրուած ցաւալի դէպքերը երբեք որպէս գործօն չնկատեցինք ապագայի վերաբերեալ ընկալման ձեւաւորման գծով: Մենք 100-150 տարի առաջ որպէս ազգ բազմաթիւ պետութիւններու դէմ ինքնապաշտպանութեան պարտաւորուեցանք: Սակայն մեր անկախութեան պատերազմը յաղթանակով աւարտելէ վերջ, այդ բոլոր պետութիւններուն հետ նոր շրջանի մը սկիզբը դրինք եւ ծայր աստիճան բարեկամական յարաբերութիւններ հաստատեցինք: Նոյնը կրնանք յաջողիլ նաեւ Հայաստանի հետ: Ես ի սրտէ կը հաւատամ այս բանին: Պատմութիւնը թողնելով պատմաբաններուն, գիտնականներուն, մենք կրնանք միասնաբար ընթանալ դէպի ապագայ: Կը շարունակեմ հաւատալ, որ տակաւին կարելի է այս բանը: Հայկական Սփիւռքի մէկ մասը այսպիսի տեսլականով մը չի դիտարկեր հարցը, ինչ որ կարեւոր խոչընդոտ մըն է այս գործընթացին տեսակէտէն: Իրականութեան մէջ համոզուած չեմ, որ հայկական Սփիւռքին մէկ մասը լաւութիւն կ\’ընէ Հայաստանի համար: Կը յուսամ, որ այս խնդիրները կը յաղթահարուին: Ես կը պահեմ յոյսս:
– Թուրքիոյ մէջ գտնուող Հայաստանէն եկած գաղթականներուն վերաբերեալ մօտաւոր անցեալի Ձեր արտայայտութիւնները ստեղծած էին մեծ արձագանք: Ընթացքին արդեօք նոր չափումներ աւելցա՞ն այս նիւթին վերաբերեալ Ձեր տեսակէտներուն ու մօտեցումներուն վրայ:
– Իրականութեան մէջ նոյն ինքն Ձեր հարցումը յստակօրէն կը պարզէ, թէ ինչպէս աղաւաղուած են իմ խօսքերս: Ես բացարձակապէս չակնարկեցի հայերուն, Հայաստանէն գաղթածներուն: Իմ խօսքիս մէջ անցած է «Թուրքիոյ մէջ ապօրինի աշխատող հայեր» արտայայտութիւնը: Ազգային եւ միջազգային մամուլին մէջ իմ այս արտայայտութիւններս օգտագործուեցան յետին նպատակով արշաւանքի մը համար որպէս աղաւաղուած նիւթ: Ապօրինի աշխատողն ու գաղթականը, զբօսաշրջիկը, քաղաքացին, օրինաւոր աշխատողը իրարմէ բոլորովին տարբեր երեւոյթներ են: Իմ արտայայտութիւններս ծայր աստիճան յստակ են: Եթէ փորձուի հասկնալ անկեղծ ձեւով, ապա պիտի տեսնուի, թէ որեւէ խնդիր գոյութիւն չունի:
– Թրքահայ համայնքը վերջին շրջաններուն դժուարութիւններ կ\’ապրի պատրիարքական ընտրութեան շուրջ: Համայնքէն ներս ակնկալութիւնները տեսակաւոր են: Անոնց եւ այս գործընթացին վերաբերեալ ի՞նչ է Ձեր մօտեցումը:
– Որպէս կառավարութիւն, մեր պարտականութիւնն է հաւատքի զանազան խումբերու պարագային գետին ապահովել ազատ պաշտամունքի եւ արտայայտութեան ազատութեան համար: Մենք կ\’ընենք մեզի վիճակածը ու պիտի շարունակենք ընել: Թրքահայ համայնքը ես կը նկատեմ Թուրքիոյ կարեւոր եւ արժէքաւոր հարստութիւնը: Գնահատանքով կը հետեւիմ այն պայքարին, զոր թրքահայերը կու տան ներքին անդորրի պահպանման եւ Թուրքիոյ բարգաւաճման ուղղութեամբ: Անգամ մը եւս կ\’ուզեմ նշել, որ մենք կ\’աշխատինք 73 միլիոնի ամբողջին համար եւ հաւասար հեռաւորութեան վրայ կը մնանք 73 միլիոնին:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել