Լրահոս
Օրվա լրահոսը

ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ

Օգոստոս 03,2010 00:00

Որուն ուղղելու չեմ գիտեր, առարկան մշակութային է, բայց այդ նախարարութիւնը եղած է «հանդիսութեանց» նախարարութիւն, Երեւանի մի քանի ազատ մնացած հրապարակներուն վրայ կազմակերպելով անվերջանալի տօնակատարութիւններ, որոնք կ’աւարտին ընդհանրապէս աղմկալից հրավառութիւններով…
Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութիւնն ալ ներկայիս աւելի հետաքրքրուած կը թուի օտար լեզուներ ներմուծելով արդէն ողբալի վիճակի վերածուած մայրենի լեզուի ուսուցումին …կը մնայ դիմել «Յուշարձաններու նախարարութեան» մը որ տակաւին գոյութիւն չունի:
Հարցը հետեւեալն է:
Հարթաւանէն դէպի Արայի լերան ստորոտը կառուցուած ամառանոցային տուներու կէս ճամբին, Արագածոտն գաւառին մէջ գոյութիւն ունի, աւերակ վիճակի մէջ, ճարտարապետական գոհար մը «Ս. Աստուածընկալ» եկեղեցական համալիրը, ձորին մէջ, բլրակի մը վրայ կառուցուած:
Ժամանակին կիսատ մնացած վերականգնումի աշխատանքները երկու տարի առաջ վերսկսան՝ մեծ ուրախութիւն պատճառելով բոլորիս:
Ան ունի (ունէր) եռակամար փայտէ խորան մը բազմաթիւ որմնանկարներով զարդարուած՝ մի քանի հարիւր տարուայ ժողովրդական արուեստի նմուշներէն՝ հազուագիւտ հայ եկեղեցիներուն մէջ: Նորոգութեան պատճառով այդ խորանը եղածին պէս հանուած եւ դուրսը անկիւն մը նետուած էր բացօթեայ՝ ենթակայ անձրեւի, ձիւնի, կիզիչ արեւի քմահաճոյքներուն:
Պարտականութիւն զգացի մտահոգութիւնս հեռախօսով անմիջապէս փոխանցել Մշակույթի նախարարութիւն եւ ինծի ըսուեցաւ որ անմիջապէս պիտի զբաղին այդ հարցով:
Վեց ամիս վերջ երբ վերադարձայ հայրենիք վարձակառքի վարորդէն խնդրեցի որ զիս ուղիղ հոն առաջնորդէ: Տեսարանը սահմրկեցուցիչ էր. խորանը ոչ եւս էր… Բայց պարիսպէն ներս անկիւն մը կար գիւղական պարտէզներու զուգարանի նմանող փայտեայ տնակ մը ուր տակաւին թարմ մոմեր ցոլքեր կ’արձակէին…
Խորանը սղոցուած եւ դարձած էր տնակ. խեղճ առաքեալներուն եւ աւետարանիչներուն նկարները գլխատուած դարձած էին առաստաղ, մնացեալ ձեռքերով, ոտքերով պատուած էին այդ «նոր սրբատեղիին» պատերը, ուխտաւորները արդէն սկսած էին իրենց անունները անմահացնելու համար՝ փորել նկարներուն աչքերն ու ձեռքերը: Մուտքին միջին տարիքի տիկին մը մոմերու եւ թրքական հուլունքներու կրպակ մը բացած էր եւ ճարտարապետին եւ 10 բանուորներուն ներկայութեամբ հայ ժողովրդական արուեստի այդ մի քանի հարիւր տարուայ բացառիկ նմուշը յաւէտ փճացած…
Ես վաղը պիտի վերադառնամ իմ երկիրս, պիտի փորձեմ իմ բանախօսութիւններովս համոզել ունկնդիրներս որ մենք հայերս «բարձր մշակույթի տէր ազգ մըն ենք»… Բայց հոս մնացողներէն շատ պիտի խնդրեմ որ երբ պատասխանատուները վերադառնան իրենց Միջերկրականեան եւ Սեւ ծովեան արձակուրդներէն, անպայման կարդալ տան սոյն բաց նամակը, որ ինչպէս ըսի շփոթած եմ թէ որուն ուղղեմ…:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել