Հրանդ Տինքի սպանութիւնէն այս կողմ՝ երեք տարիներ անցան
Սպանութեան պատուիրատուները ազատ կը գործեն: Դատարանները կը զբաղին պատուիրատուներու կեղտոտ գործերը տեսնող քանի մը թշուառ յանցագործի հետ: Պետութիւնը՝ կուսակալով, հրամանատարով, քաղաքագէտով, դատաւոր ու դատախազով լծուած է իր պաշտօնեաներուն հարցաքննութեան արգելք ըլլալու: Մամուլի գործիչները, որոնք իրենց զրպարտական խորագիրներով այս ոճիրին հասնող ճամբան սարքեցին, փոխանակ զղջման ազդանշաններ ցուցաբերելու, աներեսաբար կը շարունակեն իրենց գործը: Ոճիրին տեղի տուողներ կամ անտեսողներ, ոճրագործը պատրաստողներ, պաշտօններ շնորհողներ, ոճրագործը դրօշակի առջեւ նկարողներ, այդ նկարը մամուլին սպասարկողներ, բոլորն ալ խնայուեցան պետութեան կողմէ: Բոլորն ալ կը շարունակեն մնալ պետական պաշտօնի մէջ: Հրանդին համար արդարութիւնը զլացող պետութիւնը նոր աստիճաններ ու տիտղոսներ շնորհեց իրենց:
Այս բոլորը նկատի ունենալով հարցնենք՝ ո՞վ է Հրանդի ոճրագործը:
Ու պատասխանենք. Հրանդը սպանուեցաւ համատեղ գործող «պաշտօնական» կամքի մը միջոցաւ: Այդ կամքի հեղինակները դաժան, վախկոտ ու խաբեբայ են: Համարձակութիւն չունին հրապարակաւ ներկայանալու: Յիշեցէք խորունկ պետութեան քարանձաւներուն մէջ յայտնաբերուած «վանդակի ծրագիրը»: Յիշեցէք, որ այդ փաստաթուղթերուն մէջ Հրանդի սպանութիւնը կը յիշուեր իբրեւ «գործողութիւն»:
Անոնք կը ջանան մեզ՝ Հրանդի ընկերներն ալ, արդարութիւն տենչացողներս ալ ներգրաւել իրենց խաւարին: Կուզեն, որ ուժասպառ մնանք դատարաններու փոշոտ թղթածրարներուն մէջ, ձանձրանանք դատի նիստերուն ներկայ ըլլալէ, յուսալքուինք արդարութիւն տենչալէ: Ո՛չ, ո՛չ եւ բացարձակապես ո՛չ: Որովհետեւ գիտենք, թէ մինչեւ Հրանդ Տինքի սպանութեան ետեւի պետական ներդրումը յստակօրէն չյայտնաբերուի, մինչեւ ոճրագործներուն օժանդակող, անոնց արարքները անտեսող, տէղեկագիրները քօղարկող, ոճրագործները հերոսացնող ոստիկանապետներէ, զինուորականներէ, կուսակալներէ, հարցաքննութիւնը խոչընդոտող դատաւորներէ հաշիւ չպահանջուի մեր ապագան ալ կը մնայ անապահով: Հրանդը՝ ամէն բանէ առաջ, պատուաբեր եղբայրութեան մը երազը կտակեց մեզի: Պատուաբեր եղբայրութեան համար, Հրանդի համար, արդարութեան համար 19 Յունուարին կը մեկտեղուինք իր ինկած տեղը: Եթէ կուզէք արդար ու եղբայրական ապագայ մը վայելել, միացէք մեզի:
www.hranticinadaleticin.com