Լրահոս
Օրվա լրահոսը

«Ինչո՞ւ նկատի չ’առնուիր սփիւռքի հայութեան ցաւերն»

Հոկտեմբեր 02,2009 00:00

Զարմանում են սփյուռքահայերը

Երեկ Գլենդեյլում տեղի է ունեցել Ռամկավար ազատական կուսակցության հանրահավաքը, որին ելույթ է ունեցել «Նոր օր» շաբաթաթերթի պատասխանատու խմբագիր Մինաս Գոճայանը: Նա մասնավորապես ասել է. «ՌԱԿ-ի եւ Հայաստանի ՌԱԿ-ի դիրքը միանգամայն յստակ է։ Մենք կ՛ըսենք. «Այնքան ատեն, որ ՀՀ արտաքին գերատեսչութիւնը չունի մշակած յստակ ծրագիր՝ Թուրքիոյ կառավարութիւններու կողմէ 1915 թուականի սկսած եւ մինչեւ օրս շարունակուող հայ ժողովուրդի հանդէպ իրականացուող ցեղասպանութեանը միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն արդարացի իրաւական գնահատական չտալը, ՀՀ նախագահի նախաձեռնողականութիւնը գնահատելով համարձակ, այնուամենայնիւ, հայ-թուրքական այսպէս կոչուած մերձեցման ուղղուած քայլերը կը գնահատենք խոցելի՝ նոյնինքն իրաւական տեսակէտէն, քանի որ թուրքական պետական քարոզչամեքենան կը շարունակէ Թուրքիան ներկայացնել աշխարհիկ ու ժողովրդավար, դրացիներու հետ համագործակցութեան պատրաստ պետութիւն եւ արդէն կը շահի ցանկալի արդիւնքներ։

Յարգելի մտահոգ ու ծայրահեղօրէն յուզուած հայրենակիցներ։ 1991-էն ի վեր Թուրքիան կը փորձէ անկախ, բայց շրջափակուած Հայաստանի պետութեան կոկորդէն վար սահեցնել իր պայմանները՝ արար աշխարհին ցոյց տալու թէ ինք, իբր քաղաքակիրթ ու Եւրոպա մտնելու պատրաստ աշխարհիկ պետութիւն, պատրաստ է իր հայ դրացիին հետ հաստատել դիւանագիտական յարաբերութիւններ եւ բանալ Հայաստան-Թուրքիա ճամբաները։ Ի հարկէ Եւրոպայի ինչպէս եւ այս երկրին մէջ շատեր պիտի ուզէին տեսնել այդ մէկը, հոգ չէ թէկուզ ի գին հայութեան կողմէ բազմապատիկ անգամ մահացու զիջումներու։ Նման բան մը տեղի չունեցաւ ցարդ, որովհետեւ հայութեան համար երիցս անգամ ինքնասպանական էին Թուրքիոյ կողմէ դրուած նախապայմանները։ Այն ինչ որ Թուրքիան ու Ազրպէյճանը չէին կրցած զէնքի ուժով եւ կամ շրջափակումով յաջողցնել, այսօր, այսպէս կոչուած «ճանապարհային քարտէս»-ով կուզեն մեզ ծունկի բերել, անոր դիմաց թուղթի վրայ խոստանալով ինչ որ անորոշ շահեր, տնտեսական ներդրումներ, Հայաստանի շուտափոյթ տնտեսական վերելք, եւ այլն, եւ այլն։ Մենք շատ լսած ենք այս երգը վերջին հարիւր տարիներու ընթացքին, մանաւանդ արեւմտեան նենգամիտ պետութիւններէ, որոնց համար ամէն ինչ ծախու է։ Մենք այս անգամ այդ խաբուողը պէտք չէ ըլլանք։ Սերունդները պիտի չներեն, իսկ մեր հերոսները պիտի անիծեն։

Կը զարմանանք, յանուն ինչի՞ մեր պետութիւնը կը փորձէ ընդունիլ նշուած փրոթոքոլները։ Ինչո՞ւ նկատի չ՛առնուիր սփիւռքի հայութեան ցաւերն ու տասնամեակներէ ի վեր մեր մեծ զոհողութիւններով շահուած կարգ մը յաղթանակները։ Մի՞թէ այսօրուան Հայաստանը կը պատկանի միայն այսօրուան իշխանաւորներուն եւ միայն իրենց կը վերաբերի Հայաստանի ճակատագիրը որոշելու խնդիրը։ Ո՞վ իրենց տուած է այդ իրաւունքը։ Ինչո՞ւ կը դանդաղի մեր պետութիւնը եւ յստակօրէն ՈՉ չչըսեր ու կը խաղայ բառերով։

Այսօր, մենք մեզի իրաւունք կու տանք պահանջելու ստորագրութեան պատրաստուող ՀՀ պետութենէն, յանձինս նախագահէն, արտգործ նախարարէն եւ ազգային ժողովէն չտատամսիլ, չտկարանալ ու մանաւանդ չհաւատալ ու չվախնալ ծածուկ սպառնալիքներէ։ Այլապէս մեզի կը մնայ մտածել թէ մեր պետութիւնը կա՛մ անճարակ մնացած է, կամ պետական այրերը այլ նախապատուութիւններ ունին եւ կամ ալ կը գտնուին ինչ որ ծանր ճնշումներու տակ։

Բացարձակապէս Ո՛Չ բոլոր տեսակի նախապայմաններու։

Բացարձակապէս Ո՛Չ բոլոր տեսակի հայաթաղ զիջումներու։

Բացարձակապէս Ո՛Չ բոլոր սպառնալիքներու։

Բացարձակ ԱՅՈ՛ Հայաստանի եւ Սփիւռքի բոլոր քաջարի ու մարտնչող հայերու միասնական կոչին՝ ՄԻ՛ ԽԱՂԱՔ ԿՐԱԿԻ ՀԵՏ, ՀԱՅՐԵՆԻ ԻՇԽԱՆԱՒՈՐՆԵՐ»։

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել