Լրահոս
COP29-ի հակառակ կողմը
Օրվա լրահոսը

ՌԱԿ-ն ընդդեմ ԱՌԱԿ-ի

Հուլիս 24,2009 00:00

Ռամկավար ազատական կուսակցության Արեւմտյան Ամերիկայի շրջանային վարչությունը հուլիսի 22-ին տարածել է հաղորդագրություն, որտեղ մասնավորապես նշել է:

«Այսօր նորաստեղծ «կուսակցութիւն» մը կը հիմնուի հայրենիքի մէջ, առանց գաղափարախօսական տարբերութիւններ ունենալու ՌԱԿ-ի բազմամեայ եւ վերամշակուած Ծրագիր-Կանոնագրէն։ Այս քայլը՝ նուազագոյնը անջատողական կրնայ համարուիլ եւ իր ետին կը նկատուին շարք մը վտանգաւոր դրդապատճառներ։ Այսպէս, հայ-թրքական վերջերս զարգացող յարաբերութիւններու լոյսին տակ, կանդրադառնանք, թէ ՀՀ իշխանութիւնները, կորսնցնելով հայ աւանդական 3 կուսակցութիւններու նեցուկը, սկզբունքային լուրջ հարցերու բերումով, կը ջանան քանի մը մոլորուած անձերու միջամտութեամբ, եւ ՌԱԿ-էն «պատառ մը» փրցնելով, ստեղծել արհեստածին կուսակցութիւն մը, ցոյց տալու համար, որ Սփիւռքը համաձայն է հայ-թրքական փոխադարձ համագործակցութեան եւ բանակցութեան։ Աւելի կարեւոր նպատակ կրնանք համարել թերեւս այն իրողութիւնը, որ հայրենի իշխանութեանց ղեկավարներու շարքին կան անձեր, որոնք կուզեն ունենալ իրենց «գրպանի կուսակցութիւնը» յանձին նոր ծնուող այս արուեստական գոյացումին։ Վերջին շրջանի զարգացումներուն լոյսին տակ յստակօրէն կերեւի, թէ ինչպիսի՜ թրքահաճոյ երեւոյթ մըն է եղածը եւ որքան վտանգաւոր արցախեան հարցի խնդրայարոյց այս հանգրուանին։

Հարց կու տանք, թէ ինչպէ՞ս եղաւ, որ անցնող 2 կամ 3 տարիներու ընթացքին, միասնութեան գաղափարի «քարոզիչները» այսօր լծուած են կատարեալ անջատողականութեան գործին։ Երէկուան «համերաշխութեան ջատագովները» այսօր բոլորովին հակառակ դիրքերու վրայ կը գտնուին, պառակտութիւն եւ բաժանում սերմանելով։ Պատասխանը յստակ է։ Այս մարդիկ պարզապէս իրենց յարմարող եւ միմիայն իրենց ղեկավար աթոռները ապահովելու համար «միասնականութիւն» եւ «համերաշխութիւն» կը քարոզէին։ Եւ տակաւին, բոլորովին անհիմն յայտարարութիւններու երկար շարք մը կը կարդանք գաղտնաբար տարածուած գրութիւններու մէջ, թէ կուսակցութեան վիճակը հասած է «մտահոգիչ մակարդակի», «խոր անդունդի մէջ է ան», «աւանդական սկզբունքներէն հեռացած է», «ներկայ ղեկավարութիւնը եւ կուսակցութեան անդամները ինքնամեկուսացուած են» եւլն։ Կուզենք ընդգծել, թէ ՌԱԿ-ը վերոյիշեալ «վիճակին» հասած էր 1990-ական թուականներու իրենց ղեկավարութեան շրջանին։

Չմոռնանք, որ ներկայ ղեկավարները երբ ընտրուեցան՝ նախորդներէն ժառանգեցին քարուքանդ եղած կառոյց մը, ուրկէ անյայտացած էր կուսակցապատկան գրեթէ ամէն ինչ։ Յափշտակուած էր Երեւանի կուսակցապատկան «Ազգ» օրաթերթը եւ փակուած էր FM ռատիօկայանը։ Գոյութիւն չունէր այլեւս ԱԺ 22 անդամներէ բաղկացած ՀՌԱԿ խմբակցութիւնը, որուն բոլոր անդամները, այդ օրերու ղեկավարութեան անճարակութեան պատճառով՝ մէկ առ մէկ խրտչեցան եւ հեռացան կուսակցութենէն։ Հակառակ յաջորդող ընտրութիւններուն ծախսուած նիւթական խոշոր միջոցներուն, այդպէս ալ կարելի չեղաւ որեւէ յաջողութիւն արձանագրել։ Այս բոլոր աղէտները տեղի ունեցած էին 1990-ական թուականներու ղեկավարութեան օրօք, այն անձերուն, որոնք այսօր կը դատապարտեն ներկայ ղեկավարութիւնը եւ կը համարձակին ստեղծել 2-րդ «ՌԱ Կուսակցութիւն» մը»:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել