Չորք-Մարզպանի մեծ հերոսամարտի 100-ամեակին ընդառաջ
Բոլոր անոնք որոնք չունին շէկ կտոր մը երկաթի,
Կամ բազուկներ բարկաշարժ
կատաղութեամբ զարնելու
Թո՜ղ Խումբ առ խումբ մեր սեմերէն ներս մտնեն
Չորք-Մարզպանը հարուստ է կրակով եւ կտրիճով:
Սիամանթօ
Չորք-Մարզպանի Մեծ հերոսամարտը (Ապրիլ 2-18,1909), փայլուն օրինակ մըն է հայկական ազատագրական պայքարի երկար շղթային։ Պատմական Կիլիկիոյ այս գաւառակը մղած է երեք հերոսական ինքնապաշտպանական կռիւներ Օսմանեան Թուրքիոյ դէմ՝ 1895-ին, 1909-ին (Մեծ Հերոսամարտ) եւ 1919-1921: Երեք հերոսամարտերուն չորք-մարզպանցիներ պարտութիւն չեն կրած, այլ ընդհակառակը, մեր հերոս մարտիկները դուրս գալով իրենց արծուեբոյնէն եւ հալածելով թշնամիները՝ չէզոքացուցած են անոնց սպառնալիքները։ Այսօր, աշխարհով մէկ սփռուած չորք-մարզպանցիները հպարտութեամբ կը յիշեն իրենց մեծհայրերուն ու մեծմայրերուն քաջագործութիւնները:
Չորք-մարզպանցիներ, Ապտիւլ Համիտի սանձազերծած ջարդերու (1895) օրերուն կը դիմադրեն քաջաբար։ Շնորհիւ 1880-ականներուն Չորք-Մարզպան գտնուող հաճընցի քաջասիրտ յեղափոխական Ժիրայր Պոյաճեանի, մշեցի Մխօ Շահէնի ու Վարդան Ախիկեանի, Չորք-Մարզպանի ու շրջակայ հայ գիւղերու երիտասարդները կը պատրաստուին զէն ի ձեռին թոյլ չտալ պիղծ թշնամիին հայու արիւն թափել։ 1895 թուականի նոյեմբեր 12-ին սկսած հերոսական դիմադրութիւնը կը փրկէ շրջանի հայութիւնը ի սպառ ոչնչացումէ։
Չորք-Մարզպան աւանը ու իր շրջակայ գիւղերը՝ Էօզերլի, Օճագլը եւ Նաճարլը իրենց կենցաղով, ազգականական կապերով ու ճակատագրով սերտօրէն կապուած էին իրարու հետ։ Հերոսամարտի օրերուն Չորք-Մարզպանի ու շրջակայ գիւղերու մարտիկները մէկ սիրտ ու մէկ հոգի դարձած, անօրինակ քաջութեամբ, հնարամտութեամբ եւ արդիւնաւէտութեամբ ետ մղեցին աւազակաբարոյ ու արիւնարբու թշնամին։ Կը մասնակցէին մեծեր ու երիտասարդներ, պատանիներ ու կանայք։ Քաղաքային Խորհուրդի ու Զինեալ Գործողութիւններու Հրամանատարութեան գլխաւորած հերոսամարտի օրերուն աչքի ինկաւ Միհրան Տէր Մելքոնեանը, որ սիրտն ու հոգին էր ռազմական գործողութիւններու։ Միհրանի կողքին իրենց քաջագործութիւններով փայլեցան նաեւ Սարգիս ու Յովհաննէս Պետոյեանները, Մովսէս Գալայճեանը, Մելքոն Լեփեճեանը, Բարսեղ Քէշիշեանը, Մելքոն Տէր Մինասեանը, Պետօ Քըզըլկէօզեանը, Քերովբե Տէր Ստեփանեանը, Մկրտիչ Շաքլեանը, Մերուժան Քէհէեանը, Պօղոս Գարատանայեանը, Յովհաննէս Կէօյօղլանեանը, Արթին Փաշայեանը, հայուհիներէն Միքէլ Կըզըն (Միքէլի դուստրը), երեցկին Մարգրիտ Ալեքսանեանը եւ Աննիկ Տէր Գէորգեանը եւ այլ չորք-մարզպանցիներ, որոնք անձնուրացօրէն գացին մահուան դէմ։
Մինչեւ 1915 Չորք-Մարզպանը կարճ ատենուան մէջ կը վերագտնէ ինքզինք ու կը վերականգնէ իր կրթական, մշակութային ու տնտեսական վիճակը, սակայն վրայ հասած Բ Համաշխարհային պատերազմն ու ցեղասպանութիւնը տեղահան կընէ նաեւ մեր քաջամարտիկներու բոյնը: 1918-ին, զինադադարին անմիջապես յաջորդող օրերուն, Չորք-Մարզպանի վերապրողները արագօրէն կը վերադառնան իրենց ծննդավայրերը ու կը լծուին վերականգնումի սրբազան գործին: Կարճ ատեն մը ետք չորք-մարզպանցիներ կրկին անգամ կը ստիպուին զինեալ ինքնապաշտպանութեան դիմել, այս անգամ պաշտպանուելու համար քեմալական հրոսակներէն։ Մեր մեծհայրերը քաջաբար կը դիմադրեն ու կը յաղթեն, սակայն այս անգամ մեր եւ ամբողջ Կիլիկիոյ հայութեան դէմ կը կանգնի ոչ միայն դարաւոր թշնամին, այլ ֆրանսական ու արեւմտաեւրոպական գաղութատիրութեան դաւադրութիւնը: 1921-ին Կիլիկիան կը պարպուի իր դարաւոր հայ բնակչութենեն ու ոսկէ ափսէով կը հրամցուի քեմալական Թուրքիոյ։
Չորք-Մարզպանի ու արեւմտահայութեան պատմութիւնը հոս կանգ չ՝առներ: Մենք կը հաւատանք թէ ունինք սրբազան դատ մը, զոր պիտի հետապնդենք այնքան ատեն, որ գոյութիւն ունի հայ ժողովուրդը հայրենիքի թէ սփիւռքի տարածքին:
Հ. Գ. Չորք-Մարզպանի հայրենակցական միութեան ջանքերով ստեղծուած Երիտասարդական յանձնախումբը կը պատրաստուի մեծ շուքով նշել Մեծ Հերոսամարտի 100-ամեակը՝ Հիւսիսային Ամերիկայի թեմի Առաջնորդարանի «Գալայճեան» սրահին մեջ: