ԶՈՒԼԱԼ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ
Իրիկնացած Փարիզ, իմ գինեմոլ աղջիկ.
յոգնած երկինք ուր անշարժ են շուք ու տերեւ
երբ ամէն ինչ գունաթափ է, արիւնաքամ՝
ալ չերկարող ձեռքի նման:
Թափուած գինի: Որու՞ն ինչ հոգ
թէ տխրութիւնը պէտք ունի պատրանքներու:
Կ’երթայ Սէնը գորշ ու լռին. ոչ մեկ ալիք՝
ալ չկանչող սիրոյ նման:
Ալ չարտասուող աչքի նման՝ զուր սեւեռում,
հրապուրող երբ ոչինչ կայ, չի շլանար սիրտը երբոր:
Օ՜ թախծագին, օ ակամա՜յ մնաս բարով՝
ալ ապրուա՛ծ կեանքի նման:
* * *
Ես յոգնած եմ ինչպէս իրիկունը ամրան.
ձանձրացած, անտարբեր այս արեւուն պէս
որ հեռաւոր արուարձաններու ծխաններու մուխերուն հետ
իբրեւ թէ գեղեցիկ վերջալոյս մը գծեց
Փարիզի վրայ:
Կարեւոր չէ:
Ով որ կ’ուզէ, ինչ որ կ’ուզէ, ինչպես կ’ուզէ տեսնէ:
Ես միայն հասարակ անուններ ունիմ.–
որեւէ երկիր, որեւէ քաղաք, որեւէ գետ
եւ դուն
իրիկուան անդորրին մէջ լուծուած որեւէ աղջիկ
զոր այլեւս չեմ տեսներ:
* * *
Ցուրտ, մշուշէ կամուրջներ է ձգած ձմեռը Սէնին վրայ
եւ փլատակներու խորութեամբ լուռ է Փարիզը՝
հսկայական, հանդարտ ու ինքնամփոփ,
ուր ամէն ինչ կը սուզուի ու կը կորսուի:
Սիրողները կը հեռանան կամարներուն տակ մշուշէ
մանուկներու թեթեւ սրտով.
աղջիկ մը լուռ պատի մը տակ քաշուած կու լայ
ոչ թե այնքան սիրոյ ցաւով
որքան ցաւին անուշութեամբ:
Մշուշին մէջ լոյսերը յիշատակներ են այլեւս
վառած հէքեաթային ու պարզ նոյն կեանքին համար:
* * *
Ուրիշ ոչինչ։ Մէկը պիտի գայ, մարէ լոյսերն ու հեռանայ
ոտքերուն մատներուն կոխելով, մօր մը պէս,
որ չարթննաս, չգիտակցիս ցաւիդ ունայնութեան
ու չարացած՝
կեանքը դուն չսպաննես:
Ուրիշ ոչինչ: Ոչի՛նչ: Բանաստեղծը կեանքն է.
ծաղիկները ծաղկին, ճաճանչանան պիտի
ու տերեւներ իյնան
գեղեցկացնեն մեկնող հոգիներու ճամբան:
Սէնը, այս հսկայ տխրութիւնը պիտի յաւէտ հոսի,
եւ աղջիկ մը, դարձեալ,
վերջին կամուրջէ մը
վերջալոյսին
գեղեցկութեան արցունքը պիտի լայ, սիրոյդ յիշատակով:
Այո՛, յուսահատօրէն ուրիշ ոչինչ, ոչինչ.
ոչ ոքի մնաս բարով, ոչ մէկ ձեռքի շարժում.
փշրուած են բոլոր բազուկները, մինչ փոխարէն կը բարձրանայ
օ՜, տխու՜ր բանաստեղծութիւն –
նոյն խաչին պարզութիւնը բոլոր
գերեզմաններուն վրայ: