ԿՈՉ ԱՇՈՏ ԲԼԷԵԱՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆ ԿՈՄԻՏԷԷՆ Երեւանի վերաքննիչ ատեանը մայիս 18-ին կանխելով ծանուցուած ժամանակը եւ ի բացակայութեան մամուլի ներկայացուցիչներուն, վճիռ արձակեց նախկին նախարար, 1998-ի նախագահական ընտրութեան թեկնածու, «Նոր Ուղի» կուսակցութեան ղեկավար Ա. Բլէեանի եւ նոյն դատին միւս ամբաստանեալներէն Ռիմա Պօղոսեանի դէմ, զանոնք հինգ եւ չորս տարի բանտարկութեան դատապարտելով, ի տարբերութիւն՝ առաջին ատեանին եօթը եւ վեց տարուան առաջին վճիռին։ Յիշեցնենք, որ Մխիթար Սեբաստացի կրթական համալիրին տնօրէնը երկու տարիէ ի վեր արգելափակուած ըլլալով, կարեւոր այդ հիմնարկը ծանրօրէն կը տուժէ, մինչեւ իսկ գոյութիւնը վտանգուած ըլլալու աստիճան։ Մայիս 18172ի դատական նիստին ընթացքին եւս, ինչպէս առաջինին, Ա. Բլէեան պահանջած է, որ ճանաչում գտնէ իր բացարձակ անմեղութեան պնդումը։ Արդարեւ, կատարուած դատավարութեան ոչ մէկ փաստ ապացուցանեց անոր դէմ եղած մեղադրանքը։ Մեղադրող կողմին ի նպաստ ոչ մէկ վկայ յայտնուեցաւ. ընդհակառակն, վկաներ եկած են դատարանին բացատրելու թէ դատախազութեան կողմէ ի՛նչ ճնշումներու ենթարկուած են (մինչեւ իսկ ֆիզիքական)։ Նիստին ընթացքին մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան միջազգային զանազան կազմակերպութիւններ (Հելսինքի Դաշինքը, FIDH, Amnesy International) եւ Ֆրանսիայի Հայ Փաստաբաններու եւ Իրաւաբաններու Ընկերակցութիւնը (AFAJA) իրենց լուրջ մտահոգութիւնը յայտնած են, ընդգծելով հարցին զուտ քաղաքական բնոյթը։ Պատիժի մեղմացումը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ ձեւակերպութիւն մը, որուն նպատակն է օտար եւ սփյուռքահայ հանրային կարծիքին Հայաստանի արդարադատութեան համակարգին անկախութեան պատրանքը տալ։ Իսկ ներկայի ճգնաժամում Հայաստանի քաղաքացիին համար այս տխուր զաւեշտին նշանակութիւնը ակներեւ է։ Իշխանութեան որեւէ ընդդիմադիր իզուր ապաստան պիտի փնտռէ երկրին արդարադատութեան հովանիին տակ, քանի որ այս վերջինը, ինչպէս Սովետական Միութեան օրոք, հալածանքի գործիքի վերածուած է։ Կոչ կ8217ուղղենք արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան ջատագովներուն, որ այս ծանրակշիռ խոտորումին դէմ իրենց բուռն բողոքը յղեն Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցչութիւններուն։ Ա. ԲԼԷԵԱՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆ ԿՈՄԻՏԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՅԷՐՃԵԱՆ Փարիզ, մայիս 21