ՔԱՆԻ ՄԸ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁՆԵՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆՈՒՄ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ 1700-ԱՄԵԱԿԻ ԱՌԻԹՈՎ Քանի մը տարիներ ի վեր, անընդհատ նոյն եղանակը կը լսենք. «301-ին մեր հայ ժողովուրդը քրիստոնէութիւնը ընդունեց ու առաջին քրիստոնեայ պետութիւնը դարձանք»։ Հետեւաբար՝ այս իրադարձութիւնը հպարտութեամբ տօնելու ենք. ուխտագնացութիւններ (օդանաւով անշուշտ՝ ոչ ոտքով), պատարագներ, ժողովներ, եւ այլն։ Այս բոլորի գագաթնակէտն էր Մայր Տաճարի սարսափելի սուղ կառուցումը։ (Հանրածօթ է, որ Հայաստանի մէջ եկեղեցիներու «պակասը» ողբերգական է…)։ Սկզբնապես ծրագրին մէջ բաւական լայն մշակութային բաժին մը կար, յատկապէս անթիւ ցուցահանդէսներ։ Այս բաժինը գրեթէ ամբողջութեամբ ընկղմեցաւ. սկզբի խանդավառութիւնը արագօրէն նուազեց, ու մշակոյթը ադոր առաջին զոհ դառնալը անխուսափելի էր։ Փարիզի եկեղեցիին բակին մէջ, կազմակերպիչ ժողովը Հայաստանէն դուրս շուրջ երեսուն ցուցահանդէսներ նախատեսած էր։ Ի վախճանի, երկու հատը իրականացան. Մոսկուա եւ Պետերբուրգ՝ Էջմիածնի պատրիարքարանի գանձերի ցուցահանդէսը, եւ Վատիկանի «Հռոմ-Հայաստան»-ը։ Լոնտոնի եւ Փարիզի (Անի) ներկայ ցուցահանդէսները հաշւին մէջ չեն մտներ, որովհետեւ, տարիներէ ի վեր, բոլորովին ուրիշ իշխանութիւններու կողմէն ծրագրուած էին ու, պարզապէս մշակութային անծայրածիր անապատը գոնէ մասամբ ծածկելու համար, 1700-ամեակին մէջ մտցուեցան։ Այս բոլորի հետ կարելի էր հաշտվել, եթե նոյն այդ I քրիստոնեա ժողովրդի բարօրութեան համար ինչ-որ բան արուեր։ Սակայն ճիշտ հակառակը։ Երկիրը օրէ օր կը պարպուի, նոր պատերազմի մը վտանգը հեռացած չէ, կաշառակերութիւնը կիշխէ, դիմացը, աղետեալ գօտին անյուսալի վիճակին մէջ է, ի՞նչ կարեւորութիւն, 1700-ամեակէն հպարտ ըլլանք ու այս բոլորը երկրորդական նկատենք։ Յաւէրժական ճշմարտութիւնով մը սկսինք. պատմութեան մէջ երբեք չէ պատահած առանց որեւէ բացառութեան, որ ժողովուրդ մը կամաւորաբար նոր կրօն մը ընդունի։ Պնդել, որ 1700 տարի առաջ հայ ժողովուրդը քրիստոնեութիւնը ընդունեցաւ (կամ որդեգրեց), նոյն մոլորութիւնն է, ինչպէս հռչակել, որ 1917-ին ռուս ժողովուրդը համայնավարութիւնը ընդունեցաւ։ Երկու պարագաներու մէջ, նոր կարգը վերէն պարտադրուեցաւ, ժողովուրդին դիմադրութիւնը զենքով ու զօրքով ճզմուեցաւ ու իր անցեալին պատմութիւնը կամ նոր ձեւով մը գրուեցաւ, կամ ուղղակի ջնջուեցաւ։ Ինքնորոշման մասին խօսիլը՝ պարզ կեղծիք է։ Հայոց պատմութեան Դ դարուն սկիզբը վերադառնանք։ Հռոմի Դիոկղետիանոս կայսրին շնորհիւ՝ Արշակունի հարստութիւնը հայոց թագը վերստացաւ ու Տրդատ թագաւորը գահին վրայ բարձրացաւ. ընդունինք, որ այս հարստութիւնը արդէն հայացած էր, սակայն չմոռնանք, որ ծագումով պարթեւ էր, արեւելեան Պարսկաստանէն, ու 250 տարի առաջ՝ հռոմա-պարթեւական դաշնագրի մը հետեւանքով է, որ այն Արտաշեսեաններուն յաջորդեց։ Մինչեւ իր հրաժարականը (305-ին), Դիոկղետիանոսը քրիստոնեաներուն մեծ հալածող եղած է։ Ագաթանգեղոսը այս դէպքերուն ժամանակակիցն էր, ու կայսրին Տրդատ թագավորին ուղղած հետեւեալ նամակը կվերարտադրէ։ «Ինքնակալ կայսր Դիոկղետիանոսէն մեր սիրելի եղբայր եւ աթոռակից Տրդատին՝ ողջոյն։ Թող ի գիտութիւն ըլլայ քու եղբայրութեանդ եւ մեր նիզակակիցին՝ այն չարիքներու մասին, որ ամէն օր կը հասնին մեզի՝ քրիստոնեաներու խաբեբայ աղանդէն»։ Կայսրը կը շարունակէ գեղեցիկ Հռիփսիմէին մասին խօսել, հռոմէացի քրիստոնեայ կոյս մը, որ իր առաջարկները մերժած էր ու Հայաստան փախած էր։ Թագաւորին կը խնդրէ, որ իրեն գտնէ ու Հռոմ ետ ղրկէ, բացի եթէ ինքն ալ, Տրդատը, իր ճաշակին հարմար գտնէ, այն ատեն թող իր հաճոյքին համար պահէ։ Տրդատը կայսրին պատասխանեց, բայց Ագաթանգեղոսին հայերէն տարբերակին մէջ այդ գրութիւնը չկայ, ջնջուեցաւ. յունարէն տարբերակին մէջ միայն պահպանուած է։ Ի միջի այլոց, թագաւորը կը գրէ. «Քրիստոնեայ կոչուածները կատեմ. դեռ աւելի, իմ ընկերներէս Գրիգոր մը կայ, Կապպադովկեայէն, որ քրիստոնեաներուն վարդապետութիւնը կը քարոզէր, իրեն չարչարեցի ու սարսափելի մահուայ մը ենթարկեցի. փոսի մը մէջ նետեցի, ուր օձերը բոլոր մէջ ինկածները կուտեն։ Հիմա, մեծարգոյ կայսր, սիրով կը կատարեմ ինչ որ հրամայես»։ Տրդատը իր քրիստոնէատեաց քաղաքական գծին հաւատարիմ կը մնար, քանի որ այս թղթակցութենէն առաջ երկու հրովարտակներ հռչակած էր, որոնց մէջ իր աստուածները գովելէն յետոյ՝ կաւելցնէր. «Քրիստոնեայ աղանդին մասին կը պատուիրեմ ձեզի, որ եթէ գտնուի այնպիսին, որ հազար եւ բիւր դէպքերէն մէկ անգամ խափանարար ըլլայ աստուածներու պաշտամունքին, այնպիսին եթէ գտնուի [պետք է], շուտափոյթ յայտնաբերուի…»։ Այսինքն, թագաւորը բոլոր քրիստոնեաները մատնել կը հրամայէ։ Մեր առաջին եզրակացութեան հասնինք։ Նման պայմաններու մէջ՝ պարզ է, որ քանի Դիոկղետիանոսը կայսր էր, Տրդատը չէր կրնար քրիստոնեայ դառնալ. այսինքն 305-էն առաջ որեւէ տարեթիւ բացառուած է, հետեւաբար 301-ը մոռնանք։ Երկրորդ. Հայաստանի վրայ քրիստոնէութեան պարտադրութեան հեղինակներէն ոչ մէկը հայ էր. Յիսուսը Պաղեստինէն հրեայ էր, Թադէոս ու Բարթուղիմէոս առաքեալները՝ ասորի, Գրիգոր Լուսաւորիչը յունական Կապպատովկեայ մեծցած Պարթեւացի, Հռիփսիմէն եւ միւս կոյսերը հռոմէացի, ու Տրդատը հայացած Պարթեւացի։ Աւելցնենք, որ այս Տրդատը՝ քրիստոնեայ դարձած առաջին թագաւորը չէ, քանի որ մէկ դար առաջ Եդեսիոյ Աբգար թագաւորը նոյն քայլը արդէն առած էր։ Շարունակութեան անցնինք։ Անհերքելի է որ, 305-էն յետոյ անծանոթ թուականին մը Տրդատը քրիստոնեայ դարձաւ։ Անմիջապէս երկու հարցումներ կը բարձրանան. ինչո՞ւ նման հակաքրիստոնեայ մը այդ կրօնը ընդունեց, եւ ի՞նչ ձեւով քրիստոնեութիւնը ժողովուրդին մէջ տարածուեցաւ։ Տրդատին իբր պատիժ՝ խոզագլուխ դառնալը, Գրիգորին՝ տասնհինգ տարի յետոյ փոսէն դուրս հանելը, թագաւորին տեսիլքը՝ «ճշմարիտ ուղիին» յայտնաբերումը, այդ բոլոր հեքեաթները մէկ կողմ ձգէնք. անոնք պարզապէս լուրջ հետազոտութիւններուն արգելք եղան: Տրդատին դարձը միայն քաղաքական բնոյթ մը ցոլացնել կրնայ, ու իսկական բացատրութիւնը յայտնաբերելու համար անհրաժեշտ է Դ դարուն սկիզբին քաղաքական կացութիւնը խիստ վերլուծման մը ենթարկել։ Նման գործ մը դեռ կատարեալ չէ եղած, սակայն առայժմ տիրող տեսութիւն մը կայ, որ բաւական հաւանական է։ Այդ քայլը առնելով, Տրդատը՝ մէկ կողմէն հռոմէական կայսրին պարզ ճորտի մը վիճակէն կազատուէր, միւս կողմէն հայ ազնուականութեան մէջ պարսկական զրադաշտականութեան առաջադիմութիւնը կը դադրեցներ. մէկ խօսքով, թագաւորին որոշումը թէ՛ իր երկրին միասնութիւնը կապահովեր, թե՛ իր իշխանութիւնը կամրացներ։ Բոլոր ժամանակաշրջաններուն եւ բոլոր երկիրներուն մէջ նոյն երեւոյթը կը գտնենք։ Իշխանութիւններու համար կրօնը զուտ քաղաքական զէնք մըն է. զայն օգտագործելու համար այս նոյն անհաւատ իշխանութիւնները ստիպուած են հաւատքը ժողովրդին պարտադրել։ Տրդատը եւ Գրիգորը փայլուն օրինակ մը կու տան, որ գրեթէ երկու դար աւելի ուշ Ֆրանսա կրկնուելու էր. Կլովիս ֆրանկ թագաւորը՝ ռազմական հաղթանակի մը փոխարէն քրիստոնէութիւնը ընդունեց ու ժողովրդին դարձը ստիպեց։ Հազիւ մկրտուած, Տրդատ թագաւորը երկու նպատակներ ամրագրեց. հայոց անցեալին բոլոր յիշատակները քանդել ու ժողովուրդը զօռով դաւանափոխել։ Առաջին գործը՝ Ագաթանգեղոսին մօտ մանրամասնօրէն նկարագրուած է. համապատասխան հատուածին մէջ ամէն տեղ «քանդել» բառը կայ։ Մոլեռանդութիւնը այն աստիճանին հասաւ, որ Ուրարտուին անկումէն (մ.թ.ա. շուրջ 600) մինչեւ Տրդատին դաւանափոխութիւնը (մ.թ. շուրջ 305) հայ ժողովրդին պատմութեան մասին գրեթէ ոչ մէկ հայկական աղբիւր մնաց, ամէն ինչը քարուքանդ եղաւ՝ հայերուն ձեռքերով։ Քրիստոնեայ աւերումներուն պատճառով, այդ հազարամեակին հայոց պատմութիւնը միայն օտար աղբիւրներէ կարելի է գրել։ Սակայն ամբողջ ժողովրդի մը նոր կրօն մը պարտադրելու համար, անցեալը քանդել չբաւեր. Տրդատը եւ Գրիգորը, ուզեն չուզեն, զանգուածային ապստամբութիւններու դիմացը գտնուեցան։ Քաղաքացիական պատերազմի վիճակը անխուսափելի էր. այս կոտորածներուն մասին Ագաթանգեղոսը լուռ կը մնայ, բայց ուրիշ աղբիւր մը մէզի հասած է. «Տարօնի Պատմութիւնը», որուն հեղինակը աւանդապէս Զենոբ Գլակ անուան տակ ծանօթ է։ Տարօն գաւառին մէջ տեղի ունեցած արիւնահեղ ընդհարումները շատ ճշգրիտ ձեւով կը նկարագրէ։ Ժողովուրդը իր աւանդական աստուածները (որոնց մէջ՝ Գիսանէն) պահելու համար կռուեցաւ ու կոտորուեցաւ. զոհերուն դիակներուն վրայ քար մը զետեղուեցաւ, հետեւեալ արձանագրութիւնով. «Տեղի ունեցաւ առաջին պատերազմը. որ եղեւ հոյժ սաստիկ. պատերազմին գլխաւոր Արձան քրմապետը, որ կայ այսր ի թաղման, եւ ընդ նմա արս 1030 եւ 8. եւ զայս պատերազմը արարաք վասն Գիսանեայի կռոց եւ վասն Քրիստոսի» (Պատմութիւն Տարօնոյ զոր թարգմանեաց Զենոբ Ասորի, Վենետիկ, 1889, էջ 31): Ընդդիմութիւնը քանի մը տասնամեակներ դեռ տեւեց։ Վերջապէս քրիստոնէութիւնը ժողովրդին մէջ խորապէս թափանցեց, որոշ նախաքրիստոնեայ հետքեր մինչեւ հիմայ պահպանելով։ Այդ Դ դարուն ամբողջ ընթացքին հայկական քրիստոնէութիւնը պարզապէս նոր աղանդ մըն էր։ Ինչպէս միշտ, աղանդ մը կրօնի հռչակումին կարժանանայ միայն, երբ հզօր եւ կայսրապաշտ պետութեան մը կողմէն կը որդեգրուի։ Մահոմետին աղանդը կրօն դարձաւ, երբ արաբները Սուրիան, Եգիպտոսը եւ Պարսկաստանը գրաւեցին, Պուտայականութիւնը նոյնպէս կրօն կոչուեցաւ, երբ Չինաստանի կայսրներուն հասաւ. նման ձեւով, քրիստոնէութիւնը աղանդ մը ըլլալէն դադրեցաւ, երբ հռոմէական հսկայ կայսրութիւնը իրէն պետական բնոյթ մը տուաւ։ Այս անգամ եւս՝ զուտ քաղաքական որոշում մը, որեւէ հաւատքի գաղափարէ զուրկ։ Այս դիտողութիւնները՝ հայոց պատմութեան մէջ քրիստոնէութեան դերը նուազեցնելու նպատակ չունին, այլ հետամուտ են պարզութեան։ Տրդատ թագաւորին քաղաքականութիւնը հայոց պատմութեան մէջ վճռական փուլ մը եղաւ, որ դեռ աւելի զարգացաւ, երբ հայոց եկեղեցին Քաղքետոնի կանոնները մերժէց ու ինքնագլուխ դարձաւ։ Այն ժամանակ, Զ ու Է դարերուն ընթացքին, քաղաքական կացութիւնը հայերուն կստիպեր Բիւզանդիոնէն հեռանալ լուրջ երաշխիքներ ունենալով։ Այդ պատճառով, Քաղքետոնին հանդէպ զուտ բացասական դիրք մը որդեգրեցին։ Միաբնակութեան եւ երկբնակութեան միջեւ աւելորդ էր որոշել, քանի որ միակ նպատակը Բիւզանդիոնէն հակառակ դիրք բռնելն էր։ Փաստօրէն, այս յաջող քայլը հայոց եկեղեցւոյ անկախութիւնը իսկապէս ապահովեց։ Հայոց պատմութիւնը միայն քրիստոնէութեան ակնոցով դիտել ու վերլուծել սխալ է, ինչպէս նաեւ առաջին քրիստոնեայ պետութիւնը իբր թէ ըլլալէն «հպարտութիւն» զգալը եւ այդ «մենաշնորհին» փոխարէն՝ հայ ժողովուրդը դժբախտութեան ու աղետի մատնուած ըլլալը բնական նկատել։ Քրիստոնէութիւնը իր դրական եւ բացասական դերերը կատարեց ու դեռ պիտի կատարէ։ Իբր դրական երեսին օրինակ, ազգին գոյութիւնը եւ մշակույթին ինքնությունը պահպանեց, երբ պետական իշխանութիւն չկար. սակայն հակառակ պարագաներուն մէջ, յաճախ չկրցաւ ետ քաշուիլ։ Պատահական չէ, որ գրեթէ բոլոր այն թագաւորները կամ ղեկաւարները, որոնք որեւէ ձեւով եկեղեցիին իշխանութիւնը նուազեցնել փորձեցին, հայկական պատմագրութեան մէջ բացասական դիմակներով ներկայացուած են։ Օրինակ, Դ դարուն Արշակ Բ եւ Պապ թագաւորները, Փառանձեմ թագուհին, կամ ԺԲ դարուն Ռուբինեան Մլեհ իշխանը։ Շատերուն (հայ կամ ոչ հայ) անբացատրելի կը թուի, որ Հայաստանի Հանրապետութեան պէս «պաշտոնական աշխարհական» պետութիւն մը՝ այս 1700-ամեակին լիովին մասնակցի։ Օրինակ, անհեռատես որոշում մը. ապրիլ 24-ը 1700-ի ծիրին մէջ ներգրաւուեցաւ, այդպիսով դիմագրավելով շատ վտանգաւոր հետեւանքների։ Այդ ձեւով հայոց ցեղասպանութիւնը իբր սրբազան պատերազմ մը կներկայացուի, հայ զոհերը քրիստոնեայ զոհեր կը դառնան, քաղաքական պայմաններուն եւ երիտթուրքերուն ծրագրերուն փոխարէն՝ պարզապէս կրօններուն ընդհարումի մը սխալ պատկերը կը տրուի։ Այս բոլորը թուրքական իշխանութիւններուն մեծ նպաստ կը բերէ։ ԱՐՄԷՆ ՄՈՒԹԱՖԵԱՆ Փարիզ