Արտերկրում լույս տեսնող «Նոր կյանք» թերթի 2000թ. նոյեմբերի 23-ի այս հրապարակման հեղինակը Թորգոմ Փոսթաճյանն է։ Նրա այս ծավալուն հոդվածն արտատպում ենք էական կրճատումներով։
Այս խորագիրը առնուած է ամերիկեան ծանօթ շաբաթաթերթի մը՝ «Business Week»-ի վերջին թիւէն։ Հօդուածագիրը ամերիկացի թղթակից մըն է, որ Հայաստան այցելած է եւ ներկայացուցած է ինչ որ տեսած է։
1. Հայաստան խորհրդային կարգերու ատեն ունէր բազմաթիւ գործարաններ, որոնք անդուլ կը գործէին։ Ամէն մարդ աշխատանք ունէր եւ կապրէր համեմատաբար բարեկեցիկ կեանք մը։ Այսօր այդ գործարանները փակուած են։ Կը տիրէ համատարած անգործութիւն եւ անօթութիւն։
2. Ժողովուրդի թիւը նախապէս եղած է 3,750,000։ Այս թիւին կէսէն աւելին հեռացած է երկրէն վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին։ Հեռացողները երիտասարդ եւ հասուն տարիքի աշխատունակ տղամարդիկ եղած են։
3. Քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ կը տիրէ ամայութիւն։
4. Տարի մը առաջ Երեւանի պետական խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ աննախընթաց ոճիր մը։ Սպաննուեցան երկրին ամենէն կարեւոր եւ կարող ղեկավարները։ Այս ոճիրը անդամալուծեց երկիրը։
Մեր հայրենիքը այս աղետալի եւ ողբալի վիճակին հասցուցին Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները՝ Ռոպերթ Քոչարեան եւ Սերժ Սարգըսեան, որ նախագահի մթին գործակիցն է եւ կարեւոր զինակիցը։ Ան՝ որ նախապէս Հայաստանի անվտանգութեան նախարարն էր, եւ ի պաշտօնէ պատասխանատուն՝ Հոկտեմբեր 27-ի դաւադիր ոճիրին։ Այդ պատճառով, Հայաստանի վերապրող շարք մը ղեկավարներ այն օրերուն Ռոպերթ Քոչարեանէն պահանջեցին անոր պաշտօնանկութիւնը։ Քոչարեան այդ պահանջին դիմաց պաշտօնի բարձրացում շնորհեց անոր եւ զինք նշանակեց Պաշտպանութեան նախարար։ Ահա այս է պատկերը Հայաստանի Պետական իշխանութեան։
Հոկտեմբերի 27-ի սպանդը եւ յարակից հարցեր
Այն սահմռկեցուցիչ ոճիրին, որուն զոհ գնացին մեր հայրենի կառավարութեան ութը ընտրանի եւ ականաւոր ղեկավարները, հայ ժողովուրդի դէմ գործադրուած՝ դաւադրութիւն մըն էր։ Հոկտեմբերի 27-ի ոճիրներուն հեղինակները ծանօթ են բոլորին։ Ոճիրին հետ կապուած եւ ամբաստանուած շարք մը մեղադրեալներ վերջին ամիսներու ընթացքին ազատ արձակուեցան նախագահ Քոչարեանի կարգադրութեամբ։ Կարեւոր այլ մեղսակից մը՝ Նորայր Եղիազարեան, խորհրդաւոր պայմաններու տակ մահացած գտնուեցաւ բանտին մէջ։ Գաղտնիք չէ որ Հոկտեմբեր 27-ի ոճիրը գործադրող Նայիրի Յունանեան եւ իր աջակիցներ գործիք էին պարզապէս։ Անոնց ետին կային մթին ուժեր։
Անգլիական «Star» անուն թերթ մը, ժամանակին իր տեղեկութիւնները քաղելով «Stretfor Com» ինթերնէթէն, կը վկայէր, որ 27-ի սպանութեանց մէջ դեր ունեցեր է նաեւ Ռոպերթ Քոչարեանը։ Տրուած այս բոլոր վկայութեանց վրայ կրնայինք իրաւունք ունենալ տարակուսելու, եթէ Ռոպերթ Քոչարեան բանար ոճիրին լրիւ ծալքերը, ի յայտ բերէր բոլոր «պատուէր տուողները»։
Այլ տխուր երեւոյթներ
Հայաստանի հիւսիսային շրջանի շարք մը կարեւոր պաշտօնի վրայ գտնուող հայեր կու գան տեսնելու նախագահ Քոչարեանը, եւ նկարագրելու որ շրջանի բնակիչներ մեծ թիւով կը հեռանան հայրենիքէն։ Քոչարեան կու տայ սինիք պատասխան մը. «Ի՞նչ ուզում էք որ անեմ… Ե՞ս էլ ջամբրուկներս առնեմ, հեռանամ»։
– «Երանի՜ թէ», պիտի ըսէր ամէն հայ սրտի խորերէն։
Աններելի լռութիւնը
Մեզի համար խորապէս զարմանալի կը թուի որ Հայաստանի երբեմնի ըմբոստ ընդդիմադիրները քար լռութիւն կը պահեն Հայաստանի Պետութեան այս եղկելի պատկերին առջեւ։
Ո՞ւր են պոռոտախօս Պարոյր Հայրիկեանները, Վազգէն Մանուկեանները եւ իրենց մունետիկները, որոնք Հայաստանի եւ Սփիւռքի կարեւոր տարածքներու վրայ, օրն ի բուն ցոյցեր կը կազմակերպէին նախկին նախագահ՝ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի եւ այն ատենուան պետական իշխանութեանց դէմ, իսկ հիմա դարձեր են պապանձումն Զաքարիայի։
Հայաստանի Պետական իշխանութիւնները լռեցնելու համար ընդդիմադիրները նիւթական վարձատրութիւններ կընեն, կառավարական պաշտօններ կընծայեն, դիրքի եւ պաշտօնի բարձրացում կը շնորհեն։
Դժուար է երեւակայել, որ երկրի մը նախագահը կրնայ հանդուրժել իրեն դէմ կատարուած այսքա՜ն լարուածութիւն եւ դժգոհութիւն, եւ յամառիլ դեռ մնալու իր պաշտօնին վրայ։
Եթէ նախագահ Քոչարեան ունի դեռ իր սրտին մէջ հայրենասիրութեան կայծ մը , եւ սէր՝ իր ժողովուրդի հանդէպ, պիտի չվարանէր կատարելու վսեմ ժեստ մը… պիտի ըսէր.
– Ահա ժողովուրդ հայոց, ես ջամբրուկներս առնում եւ հեռանում եմ նախագահութիւնից։
Չմոռանայ սակայն՝ իր հետ տանելու Սերժ Սարգըսեանը։ Եւ ան կը դառնայ մեծ մարդ։