Ա․Բլեյանի պաշտպան կոմիտէ- Փարիզ
Հայաստանի Կրթական Գործոց նախկին նախարար, նախկին երեսփոխան, «Նոր Ուղի» կուսակցութեան նախագահ, «Մխիթար Սեբաստացի» կրթական համալիրի տնօրէն, Աշոտ Բլէեանի ու իր գործակիցներուն դէմ հալածանք մը ծայր տուած է պետական որոշ մարմիններու կողմէ, որ դեռ կը շարունակուի։ Գաղափարային անհանդուրժողութեամբ, մարդկային եւ քաղաքացիական ամենէն տարրական իրաւունքները ոտնակոխող այս հալածանքը, փաստօրէն ոչ միայն չի համապատասխանէր Հայաստանի մէջ արդարութիւնն ու օրինականութիւնը հաստատելու պետական բարձրագոյն անձնաւորութիւններու յայտարարութիւններուն, այլեւ, աւելին՝ կը վարկաբեկէ երկրին ժողովրդավարական ընթացքը։
Նշենք. առանց մանրամասնելու, թէ երեք հազար աշակերտներ հաշուող «Մխիթար Սեբաստացի» կրթական հաստատութեան հաշիւները քննելու պատրուակով սկսած այս հալածանքը, իր կասկածելի փուլերով-ինքնաշարժի արկածով. Տիգրան Հայրապետեանի մահ, «Օրագիր» օրաթերթի կասեցում, ուսուցչական անձնակազմի շարունակական եւ ջլատիչ հարցաքննութիւններ, եւ այլն- կը յանգէր, Մայիս 14-ին, քրէական յանցագործութեան ամբաստանութեամբ Աշոտ Բլէեանի ապօրինի եւ տարաժամ արգելափակումին։ Քաղաքական գործիչն ու կրթական մշակը կը մնայ, այսօր, բանտարկուած, մինչ Հայաստանի կարեւորագոյն կրթական հաստատութեան դէմ սկսած հալածանքը կշարունակուի։ Չկարենալով- եւ չուզելով- անտարբեր մնալ հայու- այլեւ մանաւանդ՝ մարդո՛ւ- մեր արժանապատւութիւնը վիրաւորող անարդարանալի եւ ամօթալի այս երեւոյթին նկատմամբ, ստորագրեալներս կը հիմնենք «Ա. Բլէեանի պաշտպան կոմիտէ-Փարիզ»-ը՝ նպատակ ունենալով.
ա- Տեղեակ պահել սփիւռքահայութիւնը Ա. Բլէեանի եւ իր վարած հաստատութեան դէմ կիրարկւող պետական եւ արդարադատական կամակայական հետապնդումներուն մասին։
Կարդացեք նաև
բ- Աշխատիլ, օրինական բոլոր միջոցներով, ուշադրութիւնը հրաւիրել տեղական եւ միջազգային հանրային կարծիքին։
գ- Գործնապէս թէ բարոյապէս նեցուկ հանդիսանալ արգելափակուած կրթական մշակին, թե «Մխիթար Սեբաստացի» հաստատութեան ուսուցչական կազմին, աշակերտութեան եւ շրջապատին՝ որոնք ճնշումի եւ սպառնալիքի ենթարկուած են։
դ- Սերտօրէն գործակցիլ Հայաստանի մէջ կազմուած Ա. Բլէեանի Պաշտպանութեան Հասարակական Կազմակերպութեան հետ, պահանջելով, որ վերջ տրուի վարկաբեկիչ այս երեւոյթին, ազատ արձակուի տարաժամ արգելափակեալը եւ վերահաստատուին ազատ քաղաքացիի իր բոլոր իրաւունքները։
Ի դիմաց Ա. Բլէեանի Պաշտպան Կոմիտէի.
Նախագահ՝ ՏԻԳՐԱՆ ՃԻԷՐՃԵԱՆ
Քարտուղար՝ ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Խորհրդականներ՝ ՀԱՅԿ ՔԻՐԱԶԵԱՆ, ԶՈՒԼԱԼ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ
Փարիզ, Յուլիս 28, 1999