Երեկ «Առավոտի» խմբագրությունը հետեւյալ բովանդակության նամակ ստացավ. «Յարգելի Պարոնայք, Յետադարձ ակնարկ մը, որը կը վերաբերի ազնիւ Տիկ. Կասիա Աբգարիանին. Կը փափաքինք Ձեր ուշադրութեան հրաւիրել հետեւեալը, Երբ Տիկ. Կասիա Աբգարեանը Հայաստան եկաւ ունէր բաձառիկ դիրք Ուաշինկդոնի ամէնաբարձր խաւին մէջ, չափազանց գնահատուած եւ յարգուած։ Օտար թերթեր Տիկ. Աբգարեանը անուանած են Երիտասարդ Հայ Մարկարէթ Թաչըրը։
Տիկ. Աբգարեանը Հայաստան եկաւ ոչ դիրքի ոչ աթոռի եւ ոչ ալ նիւթի համար այլ հայրենիքին անշահախնդիր ծառայելու նպատակով։ Այս պատուական հայ Տիկինը իր հայրենասիրութիւնը ցոյց տուած է իր գործունէութեամբ, սկսեալ երկրաշարժի օրերէն։ Անկախութեան առաջին երկու դժուար տարիներուն աշխատեցաւ Հայաստան, ետին ձգած իր հանգստաւէտ կեանքը. կարելի չէ ուրանալ հայրենիքին բերած մեծ օգնութիւնը։ Ինչ որ արտասահմանի նոր սերունդին հրաշալի օրինակ է։
Արտասահմանը օրը օրին կհետեւի Ձեր քայլերուն։ Շատ լաւ պիտի ըլլար աւելի լուրջ մօտեցում։ Հաճեցէք լաւ ճանչնալ եւ ուսումնասիրել անձը։ Մի փորձէք շահագործել իր համեստ կեցուացքը. մեր արժէքները գնահատել գիտնանք։ Ձեր վարմունքը պէտք է ըլլայ քաջալերական արտասահմանի նոր սերունդին։
Փետրուար 14, 1999, ՍՓԻՒՌՔ»
Կարդացեք նաև
Կասիա Աբգարեան՝ շատ աղւօր եւ անուշիկ տիկին մը ըլլալով, կը կարծինք, Սփիւռքի պաշտպանութեան կարիք բնաւ չունի։ Մարտ 5, 1999 Հաեաստան